Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ – Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգային խորհուրդի նախագահ Մարթին Վասալի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը հայաստան

Պուշ-տիւ-Ռո­նի նա­հան­գա­յին խոր­հուրդի նա­խագահ տի­կին Մար­թին Վա­սալի գլխա­ւորած պա­տուի­րակու­թիւնը՝ ու­ղեկցու­թեամբ Ֆրան­սա­յի Հա­յոց թե­մի առաջ­նորդ Գրի­գոր վար­դա­պետ Խա­չատ­րեանի, կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։

Ապ­րիլ 7-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րե­րը ըն­դունած է Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն Հա­յոց կա­թողի­կոսը։ Հան­դի­պու­մին ներ­կայ եղած է նաեւ Ֆրան­սա­յի դես­պան Օլի­վիէ Տը­քոթին­յի։ 

Վե­հափառ Հայ­րա­պետը ող­ջունե­լով զա­նոնք եւ անդրա­դառ­նա­լով ֆրան­քեւհայ­կա­կան դա­րաւոր բա­րեկա­մու­թեան՝ իր գնա­հատան­քը յայտնած է Ֆրան­սա­յի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը վե­րապ­րած ֆրան­սաբնակ հա­յոր­դի­ներու նկատ­մամբ հո­գածու վե­րաբե­րու­մին, եւ յատ­կա­պէս այս դժուար օրե­րուն Հա­յաս­տա­նին ցու­ցա­բերուող զօ­րակ­ցութեան հա­մար։ 

Գա­րեգին Բ. անդրա­դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի անվտան­գութեան մար­տահրա­ւէր­նե­րուն, Ար­ցա­խի բռնագ­րաւման ու հա­յաթափ­ման, ցարդ Ազեր­պայճա­նի մէջ պա­հուող հայ ռազ­մա­գերի­ներու ազատ ար­ձակման եւ Ար­ցա­խի հո­գեւոր-մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան պահ­պա­նու­թեան առնչուող խնդիր­նե­րուն՝ այդ ուղղու­թեամբ ընդգծե­լով բա­րեկամ եր­կիրնե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան գոր­ծուն քայ­լե­րու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։ 

Իր կար­գին, ֆրան­սա­ցի, մօ­րը կող­մէ հայ Մար­թին Վա­սալ շեշ­տե­լով Հա­յաս­տան եւ հա­յոց հոգեւոր կեդ­րոն կա­տարած իրենց այ­ցին կարեւորու­թիւնը` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին տե­ղեկու­թիւններ հա­ղոր­դած է պա­տուի­րակու­թեան առա­քելու­թեան ու ծրագ­րե­րուն մա­սին, որոնք ուղղուած են եր­կու եր­կիրնե­րու բա­րեկա­մական յա­րաբե­րու­թիւննե­րու աւելի սեր­տացման եւ հայ ժո­ղովուրդին առջեւ ծա­ռացած մար­տահրա­ւէր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման։

Նոյն օրը, Տի­կին Վա­սալ այ­ցե­լած է Եռաբ­լուր եւ Դի­մա­գիր­քի իր էջին գրած հե­տեւեալը.

«Խոր յուզում՝ Հա­յաստանի զինուո­րա­կան գերեզմանատան մէջ, ուր կը հանգչին անոնք, որոնք զոհե­ցին իրենց կեանքը՝ իրենց երկրին եւ ազատութեան համար» (« Vive émotion au cimetière militaire d’Arménie où reposent ceux qui ont donné leur vie pour leur pays et leur liberté. »)