Ապրիլ 20-ի առաւօտեան, փարիզեան շրջանի Լէ Լիլա քաղաքի՝ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող հանրապարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն, մասնակցութեամբ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի, քաղաքապետ Լիոնէլ Պենարուսի, նահանգային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու, «Անի» կազմակերպութեան նախագահ Այտա Ասատուրեանի, պատմաբան Արմէն-Գլօտ Մութաֆեանի, համայնքային անդամներու։
Դեսպան Տոլմաջեան իր ելոյթին ընդգծեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման եւ միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը՝ իբրեւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման եւ անպատժելիութեան դէմ պայքարի գլխաւոր միջոց։ Ան նշեց, որ 1915-ի Ցեղասպանութենէն աւելի քան մէկ դար յետոյ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը իր բնօրրանին մէջ կրկին վտանգի տակ է՝ վկայակոչելով 2023 Սեպտեմբերին Ազերպայճանի կողմէ Արցախի հայերու նկատմամբ գործուած ցեղային զտումը, բնակչութեան բռնի տեղահանումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դէմ շարունակուող ոտնձգութիւններն ու սպառնալիքները։
Արարողութեան ընթացքին հնչեցին Շառլ Ազնաւուրի «Անոնք ինկան» (Ils sont tombés) երգը եւ Տըլէ եամանի մեղեդին՝ դուդուկի կատարողութեամբ։
Յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք, ներկաները ունկնդրեցին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի պետական փառերգերը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։