Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ – Վենետիկի արուեստի միջազգային 60-րդ Երկամեային Հայաստան կը ներկայանայ Նինա Խեմչեանի «Արձագանգ» գործով

Վենետիկի արուեստի միջազգային 60-րդ Երկամեային (60esima Biennale Internazionale d’Arte di Venezia) պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է Ապրիլ 20-ին։ 

Նախապէս՝ Ապրիլ 18-ին, քաղաքի հռչակաւոր “Magazzino del Sale”-ի մէջ բացումը կատարուած է Հայաստանի տաղաւարին, ուր ներկայացուած է Նինա Խեմչեանի «Արձագանգ» նորարարական՝ միւլթիմետիա գործը։ Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան, դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, Վենետիկի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Սարգիս Սարուխանեան, տաղաւարի հովանաւորներ «Գաֆէսճեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վահագն Մարաբեան, «Ֆասթեքս» ընկերութեան հիմնադիր Վիգէն Բադալեան եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ:

Նինա Խեմչեան եւ Դանիէլ Դանիէլեան

Ողջունելով ներկաները՝ փոխնախարարը կարեւոր համարած է սոյն ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութիւնը եւ նշած. “Այս հարթակը Եւրոպայի մշակութային զարկերակներէն մէկն է, ուր կը ներկայացուին հետաքրքրական գործեր։ Նինա Խեմչեանի աշխատանքը ոչ միայն հոգեւորի, այլեւ տիեզերականի, մարդկային էութեան եւ աշխարհի ընկալման մասին է։ Ան ակնդիրը կը հրաւիրէ մտածելու անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մասին”։

Արարողութեան ընթացքին հնչած են Մեսրոպ Մաշտոցի շարականները՝ երգչուհի Յասմիկ Պաղտասարեան-Դոլուխանեանի կատարողութեամբ։

Haykakan Taxavari bacum

Նինա Խեմչեանի «Արձագանգ»-ը կազմուած է երկու ծաւալուն՝ զիրար ամբողջացնող եւ միաժամանակ իրարմէ սերող գեղարուեստական տեղաւորումէ (installation)։ Հայաստանի տաղաւարի կեդրոնական installation-ը բաղկացած է օդի անկշռութեան մէջ կախուած 11 երկնագոյն յախճապակեայ գունդերէ։ Այս քանդակներէն իւրաքանչիւրին վրայ ոսկէ տառերով պատկերագրուած են Մեսրոպ Մաշտոցի ապաշխարութեան շարականներէն 11-ը։ 

Հայկական տաղաւարը հանրութեան համար բաց կը մնայ մինչեւ 2024 Նոյեմբեր 24։