Search
Close this search box.

ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐ – Ապրիլեան ոգեկոչումներ՝ Ամսթերտամի եւ Լա Հէյի մէջ

ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ

Ապրիլ 21-ին, Ամսթերտամի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ տեղի ունեցած է ոգեկոչման արարողութիւն։ Ելոյթներով հանդէս եկած են Նետերլանտներու մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթոր Պիագով, քաղաքապետ Ֆեմքէ Հալսեմա, երեսփոխաններ եւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Դեսպանը իր խօսքին մէջ կրկին ընդգծած է Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հրամայականը՝ երախտագիտութեամբ նշելով երկրի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը։

Ան ըսած է, որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման եւ դատապարտման ճանապարհին անհրաժեշտ է համախմբել մարդկային իրաւանց եւ ազատութիւններու առաջամարտիկ բոլոր պետութիւններու ջանքերը՝ բացառելու համար նման ոճրագործութիւններու կրկնութիւնը։

 

ԼԱ ՀԷՅ

Ապրիլ 18-ին, Լա Հէյի մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնակ մը։ Ելոյթներ ունեցած են Հայաստանի դեսպան Վիկտոր Պիագով, խորհրդարանի անդամներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Յիշատակի երեկոյթը աւարտած է «Ծիրանի ծառ» երգչախումբի, Արցախէն օփերայի երգչուհի Միլենա Բեգլարեանի, Աբովեան մշակութային միութեան աշակերտներու կատարումներով։