«Այսօր անգամ մը եւս յարգանքով կը յիշեմ համաշխարհային Ա. պատերազմի ծանր պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիները եւ իմ ցաւակցութիւնը կը յայտնեմ անոնց թոռներուն»,– գրած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանին եւ հայ համայնքին յղած ուղերձին մէջ:
«Ձեզ կ՚ողջունեմ իմ ամենասրտանց զգացումներով, յարգանքով եւ սիրով»,– ըսուած է ուղերձին մէջ:
Նշելով, թէ կը հայցոէ Աստծոյ ողորմութիւնը «օսմանեան հասարակութեան բոլոր անդամներուն համար, որոնք զոհուած կամ նահատակուած են հակամարտութիւններու, ապստամբութիւններու, հրոսակախումբերու շարժումներու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու պատճառով», Էրտողան կը շարունակէ.«Օսմանեան հողերուն վրայ Ա. աշխարհամարտի պատճառած աւերածութիւնները խոր հետքեր թողած են մեր յիշողութեան մէջ։ Մեր նախնիներէն ժառանգած խաղաղութեան եւ հանգստութեան մթնոլորտի շարունակութիւնը կարելի է միայն մեր միացեալ ջանքերով»։
«Անատոլիական հողերը իրենց մշակութային ու մարդկային ստեղծագործութիւններով հարստացուցած մեր հայ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը, բարեկեցութիւնն ու երջանկութիւնը այսօր ալ երաշխաւորուած են։ Մենք թոյլ չենք տար ու պիտի չտանք, որ թէկուզ մէկ հայ քաղաքացի լուսանցքայնացուի, դուրս մղուի, իրեն ինքզինք զգայ երկրորդ կարգի քաղաքացի իր հայրենիքին մէջ»,– կը վստահեցնէ Թուրքիոյ նախագահը:
Ան կարեւոր համարած է պատմութեան իրադարձութիւններուն անդրադառնալը «մտքի, խղճի եւ գիտութեան առաջնորդութեան ներքոյ՝ թոյլ չտալով արմատական բանավէճեր, լուսանցքայնացում եւ ատելութեան լեզու»:
«Կարեկցանքի հաստատումը՝ առանց մեր ազգային յիշողութեան մէջ կտածուած իրադարձութիւնները տարբերակելու, կը կանխէ նաեւ ատելութեան սերմերու արմատաւորումը: Համոզուած ենք, որ ապագայ սերունդները աշխարհը շրջապատող բռնութեան եւ պատերազմի պարուրէն պաշտպանելու ճանապարհը մեր ապագան միասին կառուցելն է՝ այն դասերի լոյսին ներքոյ, որոնք մենք կը քաղենք մեր ընդհանուր ցաւէն»,– գրած է Թուրքիոյ նախագահը՝ «անգամ մը եւս ողջունելով հայ համայնքի արժէքաւոր անդամները ամենասրտանց զգացումներով»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։