Search
Close this search box.

Ռուբէն Վարդանեան դադրեցուցած է հացադուլը

Ռուբէն Վար­դա­նեանի գրա­սենեակէն կը հա­ղոր­դեն, թէ մի­ջազ­գա­յին ճնշումնե­րու շնոր­հիւ, Ար­ցա­խի մէջ ապօ­րինա­բար բան­տարկո­ւած Ռու­բէն Վար­դա­նեան 21-օրեայ մե­կու­սա­ցու­մէն ետք, երկրորդ ան­գամ կրցած է հե­ռաձայ­նել ըն­տա­նիքին, այս ան­գամ խօ­սելով կնոջ՝ Վե­րոնի­քա Զո­նապեն­տի հետ։ Վեր­ջինս խնդրած է իր­մէ՝ դադ­րեցնել հա­ցադու­լը, նկա­տի ու­նե­նալով իր առող­ջա­կան վի­ճակի վատ­թա­րացու­մը։ 

Կարճ զրոյ­ցին ըն­տա­նիքը անոր տե­ղեկա­ցու­ցած է ամ­բողջ աշ­խարհէն տար­բեր պաշ­տօ­նատար­նե­րու ճնշումնե­րուն մա­սին: Տե­ղեկա­նալով հայ բան­տարկեալ­նե­րը ազա­տելու ընդհա­նուր շար­ժումին եւ ան­սա­լով ըն­տա­նիքին խնդրանքին՝ Ռու­բէն Վար­դա­նեան դժկա­մու­թեամբ հա­մաձայ­նած է ընդհա­տել հա­ցադուլը։ ■