Search
Close this search box.

«Թաթոյեան» հիմնադրամը ներկայացուցած է Տաւուշի մէջ փաստահաւաք աշխատանքներու արդիւնքները

«Հայաստանի կառավարության յայտարարած` Տաւուշի մարզին մէջ սահմանային փոփոխութիւններու հեռանկարով`

Կիրանց գիւղը նեղ թերակղզիի նմանութեամբ գրեթէ ամբողջութեամբ շրջափակուած պիտի ըլլայ ազերպայճանական զօրքերով, ինչպէս նաեւ արօտավայրերը, այգիները, այլ հողեր պիտի յայտնուին ազերպայճանական վերահսկողութեան կամ թիրախի ներքոյ։

Կիրանցը պիտի զրկուի իր հիմնական ճանապարհէն եւ գիւղին համար առաջարկուող այլընտրանքային ճամբան պիտի յայտնուի ազերպայճանական զինուած դիտարկման ներքոյ։ 

Աճարկուտ տանող ճամբան եւս պիտի յայտնուի ազերպայճանական զինուած դիտարկման ներքոյ։  

Ոսկեպարի ճանապարհի առանձին հատուածներ կը յայտնուին ազերպայճանական վերահսկողութեան տակ։

Ոսկեպարի 7-րդ դարու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կը յայտնուի գրեթէ սահմանագիծին. ազերպայճանական անմիջական զինուած թիրախի ներքոյ ըլլալուն պատճառով մարդիկ պիտի չկարենան այցելել եկեղեցի։  

Ոսկեպարի, Կիրանցի ու այլ գիւղերու մէջ քաղաքացիական տուներ պիտի յայտնուին ազերպայճանական վերահսկողութեան տակ։

Ազերպայճանական զինեալները այս դիրքերէն ատեն-ատեն կը կրակեն միջպետական ճանապարհի Բաղանիսի` քաղաքացիական կառքերու ուղութեամբ: Հայաստանի կառավարութեան յայտարարած փոփոխութիւններու հեռանկարով անոնք աւելի կը մօտենան ճանապարհին։

Ազատամուտ, Կայան, Այգեհովիտ եւ Վազաշէն գիւղերը պիտի զրկուին ճամբայ ունենալէ եւ պիտի մեկուսացուին։

Կայանը պիտի չունենայ կենսական պայմաններ եւ այլընտրանքային ճամբայ եւ այդ պատճառով պիտի դադրի իբրեւ բնակավայր գոյութիւն ունենալէ։  

Կայանով ընթացող ճամբուն փակուելուն պատճառով Այգեհովիտը եւ Վազաշէնը տնտեսական եւ անվտանգութեան լուրջ մարտահրաւէրներու առաջ պիտի կանգնին։

Այգեհովիտի մէջ սահմանային փոփոխութիւններէն ետք, գիւղը պիտի զրկուի իր հողատարածքներէն եւ արօտավայրերէն։ Հետեւաբար, մարդիկ այլեւս պիտի զրկուին գիւղատնտեսական աշխատանքով զբաղելու կարելիութենէն։

Վազաշէնի՝ Հայաստանի մաս կազմող հողատարածքները կը շարունակեն մնալ ազերպայճանական բռնագրաւման տակ։ 

Պիտի յառաջանայ նաեւ Սաթլմիշ կոչուող բարձունքի հարց։ Եթէ ազերպայճանական զինեալներ յայտնուին այս բարձունքին վրայ, ապա ուղղակի վերահսկողութեան տակ կ՚առնեն ո՛չ միայն Ազատամուտ, Աչաջուր, Սեւքար, Սարիգիւղ, Բերքաբեր, Ծաղկաւան գիւղերը, այլեւ Երեւան-Իջեւան միջպետական ճամբան։

Ոսկեպարիի մէջ խնդիրը միայն ներկայիս գործող ճանապահով պիտի չսահմանափակուի։

Այս հատուածով կ՚անցնին Հայաստանի համար ռազմավարական եւ կենսական նշանակութիւն ունեցող կազատարը, համացանցի կապի լարերը եւ այլն։ 

Ոսկեպարի մէջ ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի ակնունքները նոյնպէս պիտի յայտնուին ազերպայճանական վերահսկողութեան տակ։ Բնակիչներէն շատեր ստիպուած պիտի լքեն իրենց բնակավայրերը։

Ոսկեպարի սահմանային փոփոխութիւնները լուրջ սպառնալիք են Հայաստանի ամբողջ տարածաշրջանի բնակչութեան համար։ Վտանգի տակ պիտի գտնուի միջպետական նշանակութիւն ունեցող ճամբան»։