Search
Close this search box.

Գապրիէս-Գալասի մէջ բացումը կատարուած է հայկական յուշարձանի

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24-ին, Գապրիէս-Գալասի մէջ (Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգ) տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրքի մատուցման եւ խաչքարի բացման արարողութիւն։

Խաչքարը գանձատրուած է Գապրիէս-Գալասի հայկական մշակութային միութեան, քաղաքապետարանին կողմէ եւ հանգանակութեան մը միջոցաւ։

Պուք-Պէլ-Էռի քաղաքապետ Ռիշար Մալիէ, յանուն Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգային խորհուրդի նախագահ եւ Էքս-Մարսէյլ-Փրովանս Մեթրոփոլի նախագահ Մարթին Վասալի, ելոյթ ունեցած է՝ ընդգծելով յատկապէս նահանգին՝ Հայաստանի աջակցութեան քայլերը: 

Վասալ 2020-ին եւ 2022-ին Նահանգին եւ նահանգային խորհրդականներուն ներկայացուցած էր Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդին զօրակցութեան վերաբերող երկու բանաձեւ, որոնք քուէարկուած էին միաձայնութեամբ։ Բացի ատկէ, Նահանգը տրամադրած էր 120.000 եւրո դրամաշնորհ՝ Գորիսի սրտանօթային կեդրոնին աջակցելու համար։