Search
Close this search box.

Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետները վերստին շեշտած են Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ամուր պահելու հրամայականը

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին միջեւ տեղի ունեցած է հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին անոնք խորհրդակցած են Հայաստանը յուզող ներկայ խնդիրներուն ու տագնապներուն շուրջ:

Վեհափառ Հայրապետները վերստին շեշտած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը ու անվտանգութիւնը ամուր պահելու հրամայականը եւ այս ուղղութեամբ Հայ եկեղեցւոյ անխախտ յանձնառութիւնը: Միաժամանակ, Հայրապետները ընդգծած են մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս ներկայ տագնապալից օրերուն:

Արամ Ա. իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնած է Գարեգին Բ.ին եւ ընդհանրապէս Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռին՝ հայրենանուէր կեցուածքներուն եւ կատարած աշխատանքներուն համար: