Մօտ 14 տարիներ ետք, Նիսի հայ գաղութը ինչպէս նաեւ տեղացի երաժշտասէր ժողովուրդը, վայելեցին հայ երաժշտական եւ դիւթիչ եւ յուզիչ պահեր, շնորհիւ Նիսի նորակազմ Հայ Երաժշտութեան եւ Արուեստի Կաճառին Académie de Musique et d’Art Arméniens de Nice տիկ. Նատիա Նաքաշեանի նախագահութեամբ եւ տարիներու ծանօթ Մաէսթրօ պրն Խաչիկ Եըլմազեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ:
Ելոյթը տեղի ունեցաւ Նիսի Անկլիգաններու մայր եկեղեցւոյ մէջ Ապրիլ 14ին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Յուսադրիչ, խրախուսիչ եւ քաջալերական էր տեսնել եկեղեցւոյ ետեւի բաժինը բազմաթիւ յոտնկայս ունկնդիրները՝ տեղերու սահմանափակ թիւին պատճառով, ինչ որ անգամ մը եւս կը փաստէր որ ժողովուրդներու միջազգային լեզուն երաժշտութիւնն է:
Այստեղ կ՚ուզեմ անդրադառնալ թէ, պրն Խ. Եըլմազեանի ղեկավարութեամբ 15 երկար տարիներ ելոյթներ ունեցած Նիսի «Սայեաթ Նովա» երգչախումբին այլեւայլ պատճառներով լուծուելէն ի վեր,տեղւոյն հայ գաղութը ծառաւը ունէր նման առիթի մը: Ելոյթը կազմակերպուած էր Արցախի գաղթականներուն եւ կարիքաւորներուն ի նպաստ:
Պրն Եըլմազեանի ընտրութեամբ, ընդամէնը 11 անդամուհիներէ (երաժշտական մասնագէտ եւ ոչ-մասնագէտ) բաղկացած այս փոքրիկ սակայն որակաւոր խումբը ժողովուրդին հրամցուց փունջ մը երգեր, շարականներ, նուագներ եւ արտասանութիւններ մեր անմահներէն՝ Կոմիտասէն, Խաչատրեանէն, Սեւակէն, Շիրազէն…
Տիկին Ն. Նաքաշեանի բացման եւ բարի գալստեան խօսքէն ետք, օրդ Լուսինէ Պօշնաքեան ներկայացուց յայտագիրը ֆրանսերէն լեզուով:
Հանդէս եկան մեներգչուհիներ՝ Անայիս Չալըքման, Անուշ Բարսեղեանց, Անի Եըլմազեան, Դանիա Պօշնաքեան եւ Երեւանի Օփերայի վաստակաւոր մեներգչուհի Սուզանա Արմական, Կանաչեանի, Աւետիսեանի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններով:
Յատկանշական էր մասնակցութիւնը մեր շատ երիտասարդ, տաղանդաւոր ու մեծ ապագայ խոստացող ուսանողուհիներուն՝ Ալեքսանտրա Տօնիկի (դաշնակ), Անահիտ Գօնքէի (տաւիղ) եւ Գոհար Գազանճեանի (արտասանութիւն):
Պրն Եըլմազեանի կազմած իգական եռաձայն համոյթը նորութիւն մըն էր: Ութ հոգիէ բաղկացած այս համոյթը այնքան տպաւորիչ եւ ապրումով երգեց երկու եկեղեցական եւ երկու ժողովրդական երգեր, որ ելոյթը աւարտեցաւ անընդհատ ծափահարութիւններով եւ «պիս»-ի կանչերով:
Յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն՝ նորակազմ երաժշտասէր կաճառին եւ շնորհակալութիւն՝ նախ անձնուէր խմբավար պրն Խ. Եըլմազեանին ապա՝ քաջալերող եւ զօրավիգ կանգնող նիսահայ գաղութին:
Լենա Չոլաքեան
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։