Search
Close this search box.

ԱՄՆ-ու դեսպանուհին ընդունած է «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու երեսփոխանները

Մայիս 8-ին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու երեսփոխանները հանդիպում ունեցած են Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան Քրիսթինա Քվինի հետ:

Ընդդիմադիր խորհրդարանականները դեսպանին հետ զրոյցին արտայայտած են իրենց մտահոգութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական արժէքներու եւ ազատութիւններու կտրուկ նահանջի մասին եւ շեշտած՝ ոստիկանական բռնութիւններու աճը, խօսքի ազատութեան եւ խաղաղ հաւաքներու իրաւունքը սահմանափակելու դէպքերը: Անոնք ընդգծած են, թէ դատական համակարգը ամբողջութեամբ գործադիրի վերահսկողութեան տակ կը գտնուի եւ այդ պարագան անթոյլատրելի է: Դեսպանին ուշադրութեան յանձնուած է նաեւ տարբեր գործերով խափանման միջոց ընտրուած բանտարկութիւններու ցաւալի վիճակագրութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք յօրինուած մեղադրանքներով բազմաթիւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ եւ խաղաղ հաւաքներու մասնակիցներ այժմ բանտը կը գտնուին։

Երեսփոխանները դեսպանին ներկայացուցած են սահմանի զատման եւ սահմանագծման ներկայ հոլովոյթին ընդմէջէն միակողմանի զիջումներուն անթոյլատրելիութիւնը, Արցախի Հանրապետութենէն բռնի տեղահանուածներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու Հայաստանի մէջ անոնց ունեցած ընկերային խնդիրները, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի իրաւունքին առնչուող հարցեր: