2024 Մայիս 10-11-ին, Ալմաթիի մէջ բանակցած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճեյհուն Պայրամով։
Կողմերը ողջունած են սահմանի զատման հարցին ուղղութեամբ յառաջընթացըեւ այդ ուղղութեամբ գոյացած համաձայնութիւնները: Անոնք շարունակած են «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ» երկկողմ համաձայնագրի նախագծին շուրջ քննարկումները։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ երկօրեայ քննարկումներու աւարտին կողմերը համաձայնած են շարունակել բանակցութիւնները այն հարցերուն շուրջ, ուր տակաւին կան տարակարծութիւններ: (Յստակօրէն չէ նշուած թէ որո՞նք են այդ հարցերը)։
Այցելութեան ընթացքին Միրզոյեան եւ Պայրամով առանձին եւ եռակողմ ձեւաչափով հանդիպում ունեցած են Ղազախստանի փոխվարչապետ, Արտաքին գործոց նախարար Մուրատ Նուրթէլէուի հետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է ղազախական կողմին՝ սոյն բանակցութիւնները հիւրընկալելուն համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։