Search
Close this search box.

Եկեղեցի եւ քաղաքականութիւն

Այս օրե­րուն, Բագ­րատ արք. Գալստա­նեան, իբ­րեւ եկե­ղեցա­կան առաջ­նորդե­լով «Տա­ւու­շը յա­նուն Հայ­րե­նիքի» քա­ղաքա­կան շար­ժումը, այժմէակա­նացուց եւ խնդրա­կանա­ցուց Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցի եւ քա­ղաքա­կանու­թիւն փոխ­կա­պակ­ցու­թիւննե­րու հարցը։

Ներ­կա­յիս, այն ինչ որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ, յա­տուկ ու­շադրու­թեան ար­ժա­նի է, որով­հե­տեւ բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան մը քա­ղաքա­կան աս­պա­րէզ իջած է եւ քա­ղաքա­կան յե­ղաշրջում մը կ՚ու­զէ իրա­կանաց­նել։ Նոյ­նիսկ, վար­չա­պետի պաշ­տօն ստանձնե­լու յա­ւակ­նութիւն ու­նի, հա­կառակ անոր որ երկքա­ղաքա­ցիու­թիւն ու­նե­նալով՝ ՀՀ սահ­մա­նադ­րութիւ­նը կ՚ար­գի­լէ անոր պաշ­տօ­նավա­րու­մը, սա­կայն Բագ­րատ սրբա­զանի հա­մար ան­կա­րելի բան չկայ, եթէ ժո­ղովուրդը ցան­կայ եւ Ամե­նայն կա­թողի­կոսը իր հա­ւանու­թիւնը տայ, կա­րելի է օրէն­քը փո­խել։

Եկե­ղեցա­կանի մը գոր­ծը, պարզ ըսած, միջ­նորդել է մար­դու եւ Աս­տուծոյ մի­ջեւ։ Իսկ քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չինը՝ ազ­գա­յին հա­ւաքա­կանու­թեան տար­բեր խա­ւերու շա­հերն ու յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կար­գա­ւորե­լը, վե­րաբաշ­խե­լը։ Ու­րեմն, մին­չեւ այն ատեն որ եկե­ղեցա­կանի իւ­րա­յա­­տուկ կար­գա­վիճա­կը չի հա­կա­սեր սկզբունքնե­րու եւ քա­ղաքա­կան շա­հերու բա­խու­մին՝ խնդիր չկայ։ Սա­կայն հար­ցեր կը ծա­գին երբ քա­ղաքա­կան որո­շումնե­րը կը հա­կասեն քրիս­տո­նէական հա­ւատ­քի սկզբունքնե­րուն։ 

Ճիշդ հոս է որ Բագ­րատ սրբա­զանի վե­րաբե­րումն ու գոր­ծունէու­թիւնը մեծ հար­ցեր կը յա­ռաջաց­նեն։ Սրբա­զանը կը յայ­տա­րարէ ճշմար­տութեան, հաշ­տութեան, հա­մերաշ­խութեան հա­մար պայ­քա­րիլ, սա­կայն հան­րութեան կոչ կ՚ընէ քա­ղաքա­ցիական անհնա­զան­դութիւն կա­տարե­լու, երբ ի պաշ­տօ­նէ պէտք է յոր­դո­րէ որ հան­րութիւ­նը ապաշ­խա­րէ եւ մեղք գոր­ծե­լէ հե­ռու մնայ։ Նոյնն է պա­րագան վար­չա­պետին նկատ­մամբ. ստա­խօս կ՚ամ­բաստա­նէ զայն, մինչ իբր եկե­ղեցա­կան պէտք է զինք հրա­ւիրէ չմե­ղան­չե­լու, մեղ­քե­րէ մաք­րուելու, անոր հա­մար աղօ­թելու։ Հաշ­տութիւն ջա­տագո­վելով հան­դերձ կը պա­հան­ջէ վար­չա­պետին հրա­ժարա­կանը, նախ­քան անոր հետ հան­դի­պիլը եւ երկխօ­սու­թեան առա­ջարկ ներ­կա­յաց­նե­լը։

Բագ­րատ արք. Գալստա­նեանի պա­րագան շատ աւե­լի ծան­րակշիռ է որով­հե­տեւ ինք մի­նակ չի գոր­ծեր։ Անոր թի­կունք կանգնած է Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը։ Բագ­րատ սրբա­զան միշտ կը յու­շէ որ Ամե­նայն հա­յոց կա­թողի­կոսը իր հայրն է, առանց անոր օրհնու­թեան չի գոր­ծեր։ Նշենք նաեւ որ Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ բարձրաս­տի­ճան ար­քե­պիս­կո­պոս­ներ, ինչպէս՝ Շի­րակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջա­պահեան, Ար­ցա­խի թե­մի առաջ­նորդ Վրթա­նէս եպիսկ. Աբ­րա­համեան, քայ­լերթեր կազ­մա­կեր­պե­ցին միանա­լով Բագ­րատ սրբա­զանի «Տա­ւու­շը յա­նուն Հայ­րե­նիքի» շար­ժումին։ Եւ բազ­մա­թիւ այլ թե­մակալ առաջ­նորդներ զօ­րակ­ցութեան կո­չեր յղե­ցին։ Ան­շուշտ Շի­րակի մար­զի առաջնորդին հա­կաք­րիստնէական գոր­ծունէու­թիւնը դեռ մէ­կը չէ յաջողած գե­րազան­ցել, երբ ան մա­հապարտնե­րու անհրա­ժեշ­տութեան մա­սին խօ­սեցաւ ձեր­բա­զատելու հա­մար ներ­կայի վար­չա­պետէն։ Այս բո­լորին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ Սփիւռքի այն ծու­խե­րուն զօ­րակ­ցութեան յայ­տա­րարու­թիւննե­րը, որոնք առանց Մայր Աթո­ռի թե­լադ­րութեան՝ չէին կրնար դիմել նման քայ­լե­րու։ 

Ամ­փո­փենք։ Ահա­ւասիկ սրբա­զան մը որ Հան­րա­պետու­թեան հրապարակին վրայ բեմ կը բարձրա­նայ, եկե­ղեցա­կանի պա­րեգօ­տով, իբ­րեւ լո­զունգ կ՚որ­դեգրէ «Հայ, Հա­յաս­տան, Հայ­րե­նիք ու Աս­տուած» բա­նաձե­ւը, որուն մէջ Աս­տուած վեր­ջին դիր­քը կը գրա­ւէ. բա­նաձեւ մը որ ոչ մէկ յղում ու­նի քրիս­տո­նէական ուսմունքի, Քրիս­տո­սի՝ իբր միջ­նորդ, որուն ներ­կա­յացու­ցիչն է եկե­ղեցա­կանը երկրի վրայ։ Յե­տոյ եկե­ղե­ցա­կա­նը նախ­քան բեր­նէն բառ մը ար­տա­սա­նե­լը կը խա­չակնքէ ու կ՚ար­տա­բերէ՝ «Յա­նուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգ­ւոյն սրբոյ» նա­խադա­սու­թիւնը, այ­սինքն՝ Աս­տուած եւ Քրիս­տոս առաջ­նա­կարգ դիրք կը գրա­ւեն։ Բո­լոր այս երե­ւոյթնե­րը կը հա­կասեն քրիս­տո­նէական ուս­մուն­քին։ Բագ­րատ սրբա­զան պէտք է հրա­ժա­րի եկե­ղե­ցա­կան կեան­քէն, կամ Վե­հա­փա­ռին կող­մէ պատ­ժուի։ Սա­կայն նկա­տի առ­նելով վեր­ջինիս զօ­րակ­ցու­թիւ­նը, կրնանք մի­այն վերյիշել Համ­լէ­թի խօս­քը՝ «Բան մը խախ­տած է Դա­նիոյ թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ»։      

Ժ.Չ. ■