Մայիս 17-ին, Վատիկանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Պորիս Սահակեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է Նորին Սրբութիւն Փրանկիսկոս պապին:
Արարողութեան յաջորդած առանձին տեսակցութեան ընթացքին դեսպանը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Կովկասեան տարածաշրջանի մնայուն կայունութեան հաստատման եւ հոգեւոր ու պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ Նորին Սրբութեան շարունակական ուղերձներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ վերջինիս սկզբունքային կեցուածքին համար:
Ան նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը մտադիր է ա՛լ աւելի զարգացնելու եւ խորացնելու դարաւոր պատմական կապերու եւ հոգեւոր արժէքներու վրայ հիմնուած երկկողմ յարաբերութիւնները:
Իր կարգին, Պապը ընդգծած է, թէ Հայաստան, ըլլալով առաջին քրիստոնեայ երկիրը, ունի իր ուրույն տեղն ու դերը համաշխարհային քրիստոնէութեան ու քաղաքակրթութեան մէջ, կարեւոր նկատելով երկու քրիստոնեայ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու առաւել զարգացումը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։