Մայիս 19-ին, Թիֆլիսի մէջ մեծ շուքով նշուած է 110-րդ աւանդական Վարդատօնը` նուիրուած աշուղ Սայեաթ Նովայի յիշատակին։
Ինչպէս ամէն տարի` նախ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, որուն յաջորդած է վարդերու զետեղում՝ եկեղեցւոյ բակը գտնուող Սայեաթ Նովայի հուշաքարին առջեւ։ Այնուհետեւ տեղի ունեցած է տօնական բացօթեայ համերգ՝ Գորգասալի հրապարակին վրայ։
Ներկաները ողջունած է Վիրահայերու միութեան ատենապետուհի Մարի Առաքելովա։ Բացման խօսքով հանդէս եկած են Թիֆլիսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Կիորկի Տղեմալաձէ եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան։
Ապա՝ հրապարակին վրայ թեւածած է 300 տարիէ ի վեր իր արդիականութիւնն ու հնչեղութիւնը չկորսնցուցած անմահ աշուղին երգն ու երաժշտութիւնը։
Ելոյթներ ունեցած են Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբը, հայ եւ վրացի երգիչ-երգչուհիներ, «Վանք», «Ջեյրան», «Անի» պարային համոյթները, «Հայարտուն» կեդրոնի ասմունքողները։
Համերգին ներկայ եղած է հոծ թիւով բազմութիւն մը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։