Search
Close this search box.

Հոգեգալստեան տօնին առիթով օծուեցաւ Մատրիտի Ալմուտենա մայր տաճարի տարածքին տեղադրուած խաչքարը 

Կիրակի, Մայիս 19-ի առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Մատրիտի Ալմուտենա մայր տաճարին առջեւ զետեղուած խաչքարի օծման կարգը կատարուեցաւ՝ ձեռամբ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ, Վատիկանի մէջ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեանի եւ Մատրիտի արքեպիսկոպոս մետրոպոլիտ, կարդինալ Խոսէ Գոպօ Գանոյի, մասնակցութեամբ նաեւ Սպանիոյ եւ Փորթուկալի մէջ Հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ Շնորհք աբղ Սարգսեանի: 

Ներկայ եղան Սպանիոյ թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան պրն Սօս Աւետիսեանն ու դեսպանութեան անձնակազմը, Մատրիտի երկրորդ փոխքաղաքապետ պրն Բորխա Ֆանխուլ, Սպանիոյ եւ Նիքարակուայի դեսպանը, այլ պատուոյ հիւրեր եւ բազում հայ հաւատացեալներ Սպանիոյ տարբեր վայրերէն։

Մոմիկի Նորավանքի ասեղնագործ խաչքարին նմանող այս խաչարձանը, որուն հեղինակը Արտակ Համբարձումեանն է,  տեղադրուած էր անցեալ տարուան Օգոստոսին` նուիրատւութեամբ Մատրիտի հայ համայնքին, որպէս բարեկամութեան եւ երախտագիտութեան նշան Սպանիոյ ժողովուրդին եւ անոր Կաթոլիկ եկեղեցւոյ։ 

Յաւարտ արարողութեան, Մատրիտի մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս պատարագ՝ նախագահութեամբ Մատրիտի արքեպիսկոպոսին։

Կարդինալ Խոսէ Գոպօ Գանօ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, ի մասնաւորի Խաժակ արք Պարսամեանին, որ Հոգեգալստեան այս  հոգեպարար տօնին առիթով  կը մասնակցէր մայր տաճարի մէջ մատուցուելիք Սուրբ պատարագին, իր հաւատացեալ հօտին հետ միասին: 

Գերապայծառ Կարդինալը զուգահեռներ գծեց Տիրոջ աշակերտներու միասին եւ միախորհուրդ ըլլալուն եւ այդ օրը հայ ու սպանացի հոգեւորականներու ու հաւատացեալ ժողովուրդին միասնական աղօթք բարձրացնելուն միջեւ: 

Պատարագի վերջաւորութեան իր խօսքին մէջ Խաժակ սրբազան նախ անդրադարձաւ խաչքարին՝ որպէս հայազգի ինքնութեան եզակի եւ մնայուն խորհրդանիշ, անոր հաւատքի, մշակութային ժառանգութեան եւ քանդակագործութեան արուեստի կարեւոր արտայայտութեան, որու յատկանշական տարրը՝ խաչն է: 

Յիշեցնելով, որ քրիստոնէութեան վաղ օրերէն խաչը եղած է ինչպէս Կաթոլիկ, այնպէս ալ Հայ եկեղեցւոյ համար հաւատքի յաւիտենական խորհրդանիշ, սիրոյ, զոհաբերութեան եւ փրկագործութեան մարմնաւորում, ան ընդգծեց, որ նորաօծ խաչքարը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ հաւատքի միասնութեան եւ երկու Եկեղեցիներու սերտ յարաբերութիւններու հիանալի վկայութիւնն է: 

Սրբազանը ողջունեց Հայ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ ջերմ յարաբերութիւնները եւ համագործակցութեան ոգին, որ առկայ է նաեւ տեղական մակարդակներով, ինչպէս օրինակ Սպանիոյ մէջ, ուր շուրջ 40-հազարնոց հայ համայնքի հաւատացեալներուն կարելիութիւն կ՛ընձեռուի հայկական պատարագ մատուցելու կաթոլիկ եկեղեցիներու հիւրընկալութեամբ։

Սրբազանը աւարտեց իր խօսքը մեջբերելով 1996 Դեկտեմբեր 13-ին  Գարեգին Ա Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ պապի կողմէ Վատիկանի մէջ ստորագրուած Համատեղ յայտարարութենէն 

«Յովհաննէս Պօղոս Բ պապը եւ Գարեգին Ա կաթողիկոսը կոչ կ՛ուղղեն իրենց հոգեւորականութեան ու աշխարհական դասին’ աւելի աշխուժ եւ արդիւնաւէտ կերպով առաջ տանելու իրենց ամբողջական համագործակցութիւնը՝ ծառայութեան բոլոր ասպարէզներուն եւ դառնալու հաշտութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան գործակալներ, պայքարելու մարդկային իրաւունքներու ճշմարիտ ճանաչման համար եւ իրենք զիրենք նուիրելու’ զօրավիգ ըլլալու բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին եւ հոգեւոր ու նիւթական կարիքի մէջ են ողջ աշխարհի մէջ»։

Ապա, Խաժակ արք դիմելով Մատրիտի արքեպիսկոպոսին՝ մաղթեց, որ այդ նորաօծ խաչքարը բոլորին յիշեցնէ երկու Եկեղեցիներու երջանկայիշատակ պետերու կոչը։

*  *  *

Ուշագրաւ է, որ հայերու եւ Սպանիոյ միջեւ առաջին նշանակալից շփումը տեղի ունեցած է խաչակրաց արշաւանքներու ժամանակ։ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք Լեւոն  Ե արքան 1383 թուականին կը հիւրընկալուի Գասթիլիոյ թագաւոր Յովհաննէս Ա-ի կողմէ։ Լեւոն արքայի ներկայութիւնը Սպանիոյ մէջ կը խթանէ երկու մշակոյթներու միջեւ գործակցութիւնը:

ԺԵ դարուն Բիւզանդական կայսրութեան անկումէն դրդուած՝ բազմաթիւ հայեր ապաստան փնտռած են Արեւմտեան Եւրոպայի, ներառեալ՝ Սպանիոյ մէջ։ Հայ վաճառական  քանի մը ընտանիքներ հաստատուած են Սպանիոյ հարաւը գտնուող Քատիս քաղաքը՝ սահմանակից Ճիպլարթարի նեղուցին, ուրկէ հայ առեւտրականներու նաւերը կ՛անցնէին հասնելով մինչեւ Հնդկաստան:

Առաջին հայկական համայնքները Սպանիոյ մէջ սկսած են ձեւաւորուիլ Օսմանեան կայսրութենէն գաղթած հայերէ, նախ 17-18-րդ դարերուն եւ հետագային՝ 20-րդ դարու սկիզբը, Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով։ 

Ներկայիս, շուրջ 40 հազար հաշուող հայ համայնքը բաղկացած է մեծ մասամբ 1990-ականներէն վերջ Հայաստանէն արտագաղթած մեր հայրենակիցներէն, որոնք բնակութիւն հաստատած են գլխաւորաբար Մատրիտի, Պարսելոնայի, Վալենսիայի, Մալակայի եւ Սեւիլլայի մէջ։