Search
Close this search box.

Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Իրան՝ մասնակցելու նախագահ Ռայիսիի եւ անոր ուղեկցող պաշտօնատարներու հրաժեշտի արարողութեան

Մայիս 22-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ժամանած է Իրան՝ մասնակցելու ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով զոհուած Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի, Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի եւ անոնց ուղեկցող միւս պաշտօնատարներու հրաժեշտի արարողութեան։

Վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան։

Նշենք, թէ այս տխուր առիթով Իրան ժամանած են նաեւ օտար երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։

 

Հանդիպում՝ Սեյետ Ալի Խամենէիի հետ

Նոյն օրը վարչապետը հանդիպում ունեցած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Սեյետ Ալի Խամենէիի հետ եւ յայտնած իր խոր ցաւակցութիւնները։

Կողմերը համոզում յայտնած են, որ Հայաստան եւ Իրան կը շարունակեն ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ընդլայնման ուղղուած քայլերը` ի նպաստ երկու պետութիւններու եւ ժողովուրդներու յառաջընթացին:

Այնուհետեւ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը տեսակցութիւն ունեցած է Իրանի նախագահի առժամեայ պաշտօնակատար Մոհամմէտ Մոխպերի հետ, վերջինիս հաղորդելով Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի վշտակցութիւնը։

Մոխպերի իր կարգին նշած է, թէ տեղի ունեցած աղէտը ցնցած է Իրանի ամբողջ ժողովուրդը եւ թէ իրենք խորապէս կը գնահատեն, որ բարեկամ Հայաստան այսօր կը բաժնէ իրենց վիշտը: Ան վստահեցուցած է, թէ Իպահիմ Ռայիսիի հետ նախանշուած բոլոր ծրագրերը, որոնք ուղղուած են Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու զարգացման, շարունակական բնոյթ պիտի կրեն: