Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի նախագահ. «Մենք կը պահանջենք, որ Պաքու անմիջապէս ազատ արձակէ բոլոր ռազմագերիները եւ համապարփակ տեղեկութիւն տրամադրէ անհետացածներու մասին»

 

Մայիս 22-ին, Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Լիւքսեմպուրկի խորհրդարաններու նախագահներ՝ Ալէն Սիմոնեան եւ Գլօտ Վիզլեր։

Կողմերը քննարկած են երկու երկիրնեու միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւնները, Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան վիզաներու ազատականացման հոլովոյթը եւ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Տեսակցութեան յաջորդած է միացեալ մամլոյ ասուլիս մը։

Այնուհետեւ Գլօտ Վիզլեր կուռ ելոյթ մը ունեցած է Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, ուր մասնաւորապէս նշած է.

“Մենք կրկին թիկունք կը հանդիսանանք Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) համագործակցութեան նոր ծրագրին։ Կը խոստանանք, որ ԵՄ-ը աշխուժ կերպով կը շարունակէ տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ միջնորդի դերը ստանձնել, որպէսզի խաղաղութեան հոլովոյթը յաջող աւարտ ունենայ: Ես լիայոյս եմ, որ խաղաղութեան բանակցութիւնները յաջողութեամբ պիտի պսակուին”,– ըսած է ան եւ ընդգծած.

“Մինչ երկարատեւ խաղաղութեան հասնիլը շատ կարեւոր է ստեղծել միջավայր մը, ուր բաց, ազնիւ եւ կառուցողական երկխօսութիւնը կրնայ զարգանալ:

Եկէ՛ք գործադրենք մեր բոլոր ջանքերը՝ խոչընդոտները վերացնելու համար: Առ այդ մենք անյապաղ կը պահանջենք, որ Պաքու անմիջապէս ազատ արձակէ բոլոր ռազմագերիները եւ համապարփակ տեղեկութիւն տրամադրէ անհետացածներու մասին: Արդարութիւնը եւ մարդասիրութիւնը կը պահանջեն, որ այդ անձինք անմիջապէս ազատ արձակուին, որպէսզի անոնց ընտանիքները ստանան պատասխաններ, որոնց անոնք պարզապէս արժանի են”:

Դահլիճին մէջ հնչած են ծափահարութիւններ: