Մայիս 29-ին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ասուլիսին, Գերագոյն սպայակոյտի պետ Էդուարդ Ասրեան՝ անդրադառնալով լրագրողի հարցումին, թէ ինչո՞ւ ազերպայճանական ուժերը Ջերմուկէն ետ չեն քաշուիր, նկատի ունենալով որ նախապէս ըսած էր թէ անոնք ետ պիտի քաշուին, սապէս պատասխանած է.
«Դուք անձամբ զէնք վերցրէք, եկէք իմ կողքը կանգնէք եւ միասին կը գնանք»:
Երբ լրագրողը կրկնած է հարցումը, Ասրեան բարկացած է ու ըսած. «Լսիր՝ քեզ ինչ եմ ասում, ինձ մի պարտադրիր, թէ ես ինչ պատասխան պէտք է տամ: Ինձ մի հրահրէք»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։