Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղի բնակիչները, որոնց տուները պիտի անցնին ազերպայճանական վերահսկողութեան տակ, սկսած են քանդել զանոնք։
Բնակիչներէն մէկը News.am-ի լրագրողին յայտնած է, թէ արդէն քանի մը օր է, որ սկսած են քանդել իրենց բնակարանները, նկատի ունենալով, որ մինչեւ Յունիս 24 իրենց ժամանակ տրուած է լքելու իրենց տուները։ Այլ խօսքով` Յունիսի աւարտին ազերպայճանցիները պիտի յայտնուին Կիրանցի մատոյցներուն մէջ, թէեւ սահմանապահները արդէն հոն են:
Կիրանց գիւղի վարչական ղեկավարը բացատրած է, թէ մարդիկ չեն ուզեր տարիներով իրենց ճակտի քրտինքով ստեղծածը ձգել թշնամիին։
Միւս կողմէ, Կիրանց-Աճարկուտ այլընտրանքային ճանապարհի կառուցման համար շինարարական աշխատանք իրականացնողները տնամերձ այգիի մը յենապատը քանդած են:
Աճարկուտի բնակիչ Կարէն Ղազարեան ըսած է, թէ Յունիս 4-ին առանց տան բնակիչները տեղեակ պահելու քանդած են այգիին յենապատը, ճամբան լայնցնելու համար։ «Մայրս է եղել տանը, դուրս է եկել եւ տեսել, որ այգու յենապատը ամբողջութեամբ քանդուած է: Երբ աշխատակիցներին հարցրել է, թէ ինչո՞ւ են առանց իրենց տեղեակ պահելու նման բան անում, ասել են՝ ձեզ պէտք էր տեղեակ պահած լինէին…»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։