Ալիեւ թրքախօս երկիրներու խորհրդարաններու ներկայացուցիչներուն հետ
Ըստ ազերպայճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան՝ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւ թրքական երկիրներու խորհրդարաններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին յայտարարած է, թէ եթէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը չփոփոխուի, Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը ուղղակի անկարելի կ՚ըլլայ։
Ան նաեւ ըսած է. “Մենք հայկական կողմին առաջարկեցինք, որ Ազերպայճանն ու Հայաստանը միասնաբար դիմեն ԵԱՀԿ-ին՝ Մինսքի խումբը վերացնելու համար”։
Երեւանէն դեռ չեն արձագանգած Ազերպայճանի նախագահին այս յայտարարութիւններուն:
* * *
Յստակ է, որ Ազերպայճան տակաւին պահեստի պատճառաբանութիւններու ամբողջ զինանոց մը ունի խաղաղութեան պայմանագիր չստորագրելու համար։ Դեռ ասկէ աւելի ինչպէ՞ս կրնայ արտայայտել իր դժկամութիւնը։
Ամբողջ հարցը հոն է, որ Երեւան գիտակի՞ց է այս իրողութեան եւ ժամանա՞կ շահելու համար կը «խաղայ» այս «խաղը», թէ՞ ընդհակառակն, ի զուր ժամանակ եւ ուժ կը վատնէ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։