Search
Close this search box.

ՔՊ-ն կը շարունակէ պայքարը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ

Արսէն Թորոսեան. «Չի՞ լինի՝ այդ 206 միլիոնը տանք Հանրայինին ու “Շողակաթ”-ի հարցը փակենք ընդհանրապէս»

Իշխանական «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնն ու խորհրդարանական խմբակցութեան անդամները կը շարունակեն պայքարը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ։

Անբաւարար համարելով հոգեւորականներու նկատմամբ հեգնանքն ու հայհոյանքը, ՔՊ-ն այս անգամ պայքար սկսած է հոգեւոր-մշակութային հեռատեսիլի ալիք՝ «Շողակաթ»-ի դէմ։

Յունիս 5-ին, Ազգային ժողովի մէջ ՔՊ-ական երեսփոխան Արսէն Թորոսեան առաջարկած է փակել հոգեւոր-մշակութային ուղղութիւն ունեցող «Շողակաթ»-ը, եւ անոր յատկացուող գումարը տրամադրել Հանրային հեռատեսիլին՝ Հ1-ին:

«Չի՞ լինի՝ այդ 206 միլիոնը տանք Հանրայինին, ինքը հարստացնի իր մշակութային, կրթական հաղորդումների բազան, աւելի շատ արտադրի ու “Շողակաթ”-ի հարցը փակենք ընդհանրապէս»,– ըսած է ան, դիմելով Հանրային հեռարձակողի խորհուրդի նախագահ Արա Շիրինեանին։

Ծանօթ է, որ «Շողակաթ»-ի գործունէութեան նպատակը քրիստոնէական արժէքներու եւ բարոյականութեան քարոզչութիւնն է, հայ եւ համաշխարհային մշակոյթի լուսաբանումը: Ան կը հեռարձակէ քաղաքակրթութեան, պատմութեան, կրօններու, բնութեան, նշանաւոր անձերու, միջազգային հոգեւոր-մշակութային արժէքներու մասին պատմող բազմատեսակ եւ հանրամատչելի հաղորդումներ, կը լուսաբանէ ազգային-եկեղեցական, հասարակական, մշակութային իրադարձութիւնները։