Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլը (Հ1) ներողութիւն խնդրած է Յունիս 5-ին իր հաղորդումով տարածած կեղծ տեղեկութիւններուն համար։
Առաջին ալիքը՝ բարձրացուած աղմուկէն ետք ստիպուած ներողութիւն խնդրած է կեղծ հաղորդման համար, ուր արցախեան բարբառով կօշիկի մասին խօսակցութիւնը ներկայացուցած էր իբրեւ «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» ընդդիմադիր շարժումի հաւաքներուն մասնակցելու համար գումար ստանալու խօսակցութիւն։
Իրաւապաշտպան Ռուբէն Մելիքեան Հ1-ը մեղադրած էր «գեբելսեան (կէօպէլսեան) սուտ» տարածելուն համար։ “Հ1-ը անցել է Գեբելսեան քարոզչութեան!! Սուտ! Սուտ! Սուտ! Արցախի բարբառով «վընա՛ման» նշանակում է միայն ու միմիայն «ոտնաման», «կօշիկ», ու ՈՉ ՄԻ ԿԵՐՊ չի նշանակում «վերցնել»” (ակնարկելով՝ գումար ստանալու – «ՆՅ»),– նշած էր ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։