Յունիս 11-ին, Ազգային ժողովի խորհուրդը մերժած է ընդդիմութեան դիմումը՝ արտակարգ նիստ գումարելու ու կառավարութեան հրաժարականը քննարկելու եւ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու վերաբերեալ:
Նշենք, թէ ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները դիմում ներկայացուցած էին Ազգային ժողով (ԱԺ)՝ պահանջելով արտակարգ նիստ գումարել։ Ընդդիմադիր երեսփոխանները մասնաւորապէս նշած էին, թէ «կառավարութիւնը տապալած է 2021-26 շրջանի ծրագրերը, նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան եւ Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու փոխարէն հայաթափած է Արցախը։ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը անմիջական սպառնալիքի տակ է եւ գործող կառավարութիւնը ձախողած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութիւնը, անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը ապահովելու մէջ։ Պահի հրամայականն է, որ պետութեան կառավարումը, քաղաքական համաձայնութեամբ, խաղաղ եւ անցնցում կերպով ստանձնեն մասնագէտ, հանրային հեղինակութիւն վայելող փորձառու անձեր»։
Ազգային ժողովի խորհուրդին՝ ընդդիմութեան դիմումը մերժելէն հինգ օր ետք, այսինքն՝ Յունիս 17-ին՝ ժամը 18.30-ին, օրէնքի ուժով պիտի գումարուի Ազգային ժողովի արտակարգ նիստ։ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-էն Հայկ Կոնջորեան լրագրողներուն յայտնած է, թէ իրենց խմբակցութիւնը Յունիս 17-ին ալ պիտի չմասնակցի արտակարգ նիստին, աւելցնելով թէ իրենք նման օրակարգ չունին։
Միւս կողմէ, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան կարգադրութիւն ստորագրած է Յունիս 17, ժամը 18.30-ին արտակարգ նիստ գումարելու մասին:
Նշենք, թէ «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժումի անդամները, քաղաքացիները, Բագրատ սրբազանի առաջնորդութեամբ, երկու օր է որ գիշեր-ցերեկ կը գտնուին Բաղրամեան փողոցը, ուր վրաններ լարուած են։ Իսկ ոստիկանութիւնն ալ նոյն փողոցին շուրջը պատած է փշալարերով։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։