Յետ Յունիս 9-ի Եւրոպական Միութեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն, նախագահ Մաքրոնի՝ Ֆրանսայի խորհրդարանը լուծելու որոշումը մեծ ցնցում յառաջացուց Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի քաղաքական դասուն մէջ։ Թէեւ հանրային հարզախոյզերը կը նախատեսէին ծայրայեղ աջի նշանակալից յառաջախաղացումը, սակայն աննախատեսելի էր նախագահին՝ լուծումի որոշումը, որովհետեւ եւրոպական ընտրութիւնները ուղղակի չէին առնչուեր Ֆրանսայի ներքին քաղաքականութեան։ Ծայրայեղ աջի յառաջխաղացումը միայն ֆրանսական երեւոյթ մը չէ, այլ համաեւրոպական բնոյթ ունի, բացի հիւսիսային կարգ մը երկիրներէ ուր ձախը յաջողութիւն արձանագրած է։ Եւ թերեւս ալ ճիշդ այս պատճառով է որ նախագահը առիթը օգտագործեց ֆրանսացիներուն եւ ընդհանրապէս եւրոպացիներուն ուշադրութիւնը սեւեռելու համար Եւրոպական Միութեան ապագային վրայ, շեշտակի անդրադարձ մը կատարելու անոր դերակատարութեան էական նշանակութեան, որ եւրոպական պետութիւններու միջեւ խաղաղութիւն հաստատելն է, ինչպէս նաեւ ընդհանուր առմամբ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան նպաստելը։ Երեւոյթ մը որ աննկատ կ՚անցնի կամ բնական կ՚ընկալուի լայն հասարակութեան կողմէ, սակայն երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին այնքան ալ բնական չէր համարուեր, նկատի առնելով պատերազմող երկիրներու միջեւ թշնամանքը, այն ահռելի քանակութեամբ զոհերն ու աւերածութիւնները, որոնց թատերաբեմը դարձած են Եւրոպան եւ երկրագունդի կարգ մը երկրամասեր։
Նախագահական «Վերածնունդ» կուսակցութեան ձախողութիւնը կարեւոր ցուցիչ մըն է Եւրոպական Միութեան տարածքին հանրային մտայնութեան էական փոփոխութեան։ Պետութիւններու տեղական ներքին քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային մտահոգութիւնները գերադասած են տարածաշրջանային աւելի լայն աշխարհաքաղաքական մտահոգութիւնները։
2020-էն ի վեր պսակաձեւ ժահր, Ռուսաստանի յարձակումը Ուքրաինայի վրայ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ լուրջ տագնապներ յառաջացուցին։ Նախագահ Մաքրոն Գերմանիա պետական այցելութեան ընթացքին Եւրոպական Միութեան դերակատարութեան պաշտպանողականը կատարեց, ջատագովելով ազատականութիւնը, Եւրոպական Միութեան գոյութեան անհրաժեշտութիւնը՝ պայքարելու համար բռնապետութիւններու, պահպանողական ուժերու դէմ, որոնք ազգային արժէքներու պաշտպանութեան դիմակին տակ ծայրայեղական, այլամերժական եւ ինքնամեկուսացման շարժումի կը դիմեն։
Այս առումով տրամաբանական է որ նախագահը դիմէր ֆրանսացիներուն, անոնց վստահութիւնը վերստանալու համար։ Որոշում մը որ կը միտի հանրութեան մէջ գիտակցութեան զարթնում մը յառաջացնել, վանելու համար ազգայնական վախերը։
Հաւանաբար Մաքրոնի որոշումին մէջ կարեւոր դեր ունին նաեւ յառաջիկայ Նոյեմբերին ԱՄՆ-ու նախագահական ընտրութիւններուն Տոնալտ Թրամփի յաղթանակի պարագային՝ Ռուսաստան-Ուքրաինա պատերազմի ելքին անորոշ հետեւանքները։
Եւրոպական ընտրութիւններու այս արդիւնքները բնականաբար իրենց բացասական հետեւանքները կրնան ունենալ Հայաստան-Եւրոպա յարաբերութիւններուն մէջ ալ։ Ֆրանսայի ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային համախմբում»-ը դէմ է Ուքրաինական պատերազմին Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի անմիջական ներգրաւումին։ Գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ծայրայեղ աջի յաղթանակի պարագային Ռուսաստան կրնայ աւելի արագ վերագտնել իր ազդեցութեան լծակները հարաւային Կովկասի մէջ։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։