Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Յունիս 12-ի բախումներու ընթացքին կան 79 վիրաւորներ, շուրջ 100 հոգի ալ ձերբակալուած է

Ոստիկանութիւնը ռետինէ մահակներով հարուածած է ցուցարարները եւ անոնց վրայ նետած լուսաձայնային նռնակներ 

Տուժածներու մէջ կան նաեւ ոստիկաններ եւ լրասփիւռներու ներկայացուցիչներ

Յունիս 12-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովին մօտ պատահած բախումներու ժամանակ, երբ ցուցարարները կը պահանջէին վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը, ոստիկանները բիրտ ուժ, ցնցող եւ լուսաձայնային նռնակներ նետած են ցուցարարներու վրայ։

 

«Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժումի հազարաւոր աջակիցներ համախմբուած էին խորհրդարանի շէնքին մօտ, իսկ ներսը վարչապետը եւ կառավարութեան անդամները կը պատասխանէին երեսփոխաններու հարցումներուն։ Շէնքը շրջափակած էին մեծաթիւ ոստիկաններ եւ կարմիր ու սեւ բերետաւորներ՝ վահաններով, ռետինէ մահակներով… 

Իրավիճակը խորհրդարանի յարակից տարածքին մէջ լարուած է, երբ Բագրատ սրբազան պահանջած է ճամբայ բանալ, որպէսզի երեսփոխանները կարենան ներս մտնել: Ծայր առած է հրմշտուք եւ քաշքշուք, ցուցարարները յայտնած են, թէ «իրենց շարքերուն մէջ մտած են սադրիչներ, որոնք շիշեր նետած են իրաւապահներուն ուղղութեամբ»:

Բախումներու ընթացքին վիրաւորուած են քանի մը տասնեակ խաղաղ ցուցարարներ, ինչպէս նաեւ՝ լրագրողներ ու ոստիկաններ։ Վիրաւոր քաղաքացիները փոխադրուած են հիւանդանոց՝ բուժման համար, իսկ քաղաքացիներէն մէկուն դաստակը անջատուած է ձեռքէն՝ ոստիկանական ցնցող նռնակի մը պատճառով: Տարբեր լրասփիւռներու լրագրողներ տուժած են իրենց պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ, վնասուած են անոնց տեսախցիկները։ Վիրաւորուած է նաեւ լրագրող Աբրահամ Գասպարեան։

Անօդաչու սարքերու նկարներէն կ՚երեւի, թէ ինչպէս ոստիկանութիւնը լուսաձայնային նռնակներ կը նետէ նահանջող ցուցարարներուն վրայ:

Ազգային ժողովին մէջ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է. “Պէտք էր 2018-ին ասէի, որ Լեռնային Ղաբաբաղը պիտի լինի Ազերպայճանի կազմում։ Դա իմ ամենամեծ սխալն ու ծախողումն էր”։ Ապա դիմելով ընդդիմադիր երեսփոխաններուն՝ “Բոլորդ դասալիքներ էք։ 98 թուականից յետոյ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք ա եղել ձեր իշխանութիւնը պահելու համար, էսօր իրանց բերել էք որպէս ցոյցի մատերիալ, 5000 դրամով ցոյցերի բերելու համար։ Ա՛յ էս էք դուք, ա՛յ էս ա ձեր ճշմարտութիւնը, ա՛յ էս ա ձեր քաղաքականութիւնը։ Հիմա էլ ուզում էք նոյնը անէք Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդի հետ, որ  կուբերնայում լինէք թեմակալ առաջնորդներ, գնաք սարկաւագներ ըլնէք, որ ամէնին բան անելով, խունկ ծխելով, կայսրի տիրապետութեան ներքոյ…։ Ձեզ համար Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը եղել ա, կայ եւ կը լինի ձեր իշխանութեան պահելու միջոց, դուք թքած ունէք Լեռնային Ղարաբաղի վրայ էլ, Հայաստանի վրայ էլ, հայ ժողովրդի վրայ էլ, դուք հացկատակներ էք”,– ըսած է ան։

«Յարձակում», «ահաբեկչութիւն».

իշխանութեան եւ ընդդիմութեան գնահատականները խորհրդարանի դէպքերուն

“Սա յարձակում էր Ազգային ժողովի, ժողովրդավարութեան եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան վրայ եւ անճարութեան դրսեւորում”,– Հանրային հեռատեսիլէն իր ելոյթին յայտարարած է Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան: Ան նաեւ ըսած է, թէ սա անհետեւանք պիտի չմնայ, պիտի ըլլայ իրաւական հետեւանք։ “Մտքներով թող չ՚անցնի, որ խուլիգանութեամբ, զոռբայութեամբ, դրսից գեադաների բերելով կարողանալու են խուժանութիւն անել: Բացառուած է”,– աւելցուցած է ան։

Սիմոնեան շեշտած է, թէ «այս ամէնուն պատասխանատուն Գարեգին Բ.-ն է»։

“Այս ամէնը Գարեգին Բ.-ի պատասխանատւութեան ներքոյ է։ Սրա արձագանգը, պատասխանը օրէնքի կողմից պէտք է ստացուի։ Երբ-որ պետական մարմինների վրայ յարձակում ես կազմակերպում, պիտի պատասխան տաս։

Ինչ-որ Կանադայի քաղաքացի կարող է գալ, խաչը կախել վզին եւ մտնել իւրաքանչիւր շէնք։ Կանադայի քաղաքացին պէտք է հասկանայ, որ այն մարդիկ, որոնց նրանք յոյս են տալիս, քչանում են։

Քոչարեանենք թաքնուել են եկեղեցականի յետեւում եւ արդէն ոգեւորուածութիւնից գրոհում են ոստիկանութեան”,– ըսած է ան։

Իսկ վարչապետը, Խորհրդարանի ամպիոնէն խօսելով Ազգային ժողովի յարակից տարածքին տեղի ունեցող կացութեան մասին ըսած է. “Ոստիկանութիւնը իրականացնում է օրէնքով իրեն վերապահուած գործառոյթները խստիւ օրէնքի շրջանակներում”։

Բագրատ սրբազան ալ, իր կարգին ոստիկանական գործողութիւնները որակած է «ահաբեկչութիւն» խաղաղ հաւաքի մասնակիցներու, ինչպէս նաեւ ԱԺ-ի կողքի պարտէզին մէջ գտնուող քաղաքացիներու նկատմամբ։

“Իրականացնողներն ու հրահանգ տուողները պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուեն”,– նշած է ան։

Բագրատ սրբազան այցելած է վիրաւոր ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն

Նոյն օրը, ուշ երեկոյեան, հակառակ պարեկներու` խոչընդոտելու փորձին, Բագրատ սրբազան կրցած է այցելել թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոց, ուր բուժում կը ստանան ոստիկանական նռնակներէն ու հարուածներէն տուժած քաղաքացիները:

Սրբազանը այցելած է նաեւ Աբրահամ Գասպարեանին եւ վիրաւոր ոստիկաններուն։

***

Յաջորդ օրը՝ Յունիս 13-ին, կրկին բողոքի հաւաք տեղի ունեցած է Կառավարութեան շէնքին մօտ։ Բագրատ սրբազան անդրադառնալով ոստիկանութեան նախորդ օրուան բռնի գործողութիւններուն՝ լրագրողներուն ըսած է. “Երէկ երեկոյեան այդ յատուկ միջոցները, որ կիրառուել են, վստահեցնում եմ,  ոչ միայն լուսաձայնային էին, այլ նաեւ բեկորային պարունակութիւն ունեցող յատուկ միջոցներ, քաղաքացիների վնասուածքները բեկորային են”։