Յունիս 15-16-ին, զուիցերական Ալպեաններուն մէջ տեղի ունեցած է միջազգային կարեւոր վեհաժողով մը, որ կը կրէր «Ուքրաինայի մէջ խաղաղութեան համար» տիտղոսը։ Վեհաժողովին մասնակցած է 92 պետութիւն, 8 միջազգային կազմակերպութիւն, իսկ ՄԱԿ-ը ներկայ եղած է որպէս դէտ: Ինչպէս կարելի է ենթադրել՝ չեն մասնակցած Ռուսաստան եւ Չինաստան։ Յատկանշականը այն է, որ չէ մասնակցած նաեւ Ազերպայճան, մինչ ներկայ էր Հայաստան, յանձին՝ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի։
Հակառուս ճակատի կազմակերպած այս վեհաժողովին Հայաստանի մասնակցութիւնը բազմաթիւ քննադատութիւններու տեղի տուած է հայրենիքի մէջ, մինչ՝ այս քայլը ճիշդ գնահատողներն ալ զայն արդարացուցած են ըսելով, որ հոն պետութիւնները պիտի վերահաստատեն իրենց «հաւատարմութիւնը որեւէ երկրի, ներառեալ Ուքրաինայի հողային ամբողջականութեան եւ քաղաքական անկախութեան՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ վէճերու խաղաղ կարգաւորման» եւ թէ այս սկզբունքները մանաւանդ այս օրերուն ինչո՞վ չեն համապատասխաներ նաեւ Հայաստանի պետական շահերուն եւ անոր դիմագրաւած հարցերուն։ Եւ որպէս այս տեսակէտը ամրապնդող հանգամանք ալ մատնանշուած է Ազերպայճանի բացակայութիւնը, քանի որ հոն պիտի մերժուէր «ուժի իրաւունքը» եւ պիտի յարգուէր պետութիւններու հողային ամբողջականութիւնը, քաղաքական անկախութիւնը եւ սահմաններու անխախտելիութիւնը, վէճերու խաղաղ-բանակցային կարգաւորումը:
Բանն այն է, որ վեհաժողովի աւարտին ընդունուած է հռչակագիր մը, որ չէ արժանացած բոլորին հաւանութեան, ներառեալ՝ Հայաստանի, որ մերժած է ստորագրել։ Հայաստանի նման՝ փաստաթուղթը չեն ստորագրած նաեւ Պահրեյն, Պրազիլ, Սուրբ Աթոռը (Վատիկան), Հնդկաստան, Ինտոնեզիա, Լիպիա, Մեքսիքա, Սաուտական Արաբիա, Սլովաքիա, Հարաւային Ափրիկէ, Զուիցերիա, Թայլանտ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները։ Այս խօսքով՝ մասնակից 92 երկիրներէն միայն 80-ը ստորագրած են փաստաթուղթը։
Դեռ յայտնի չէր, թէ ի՞նչ պատճառով Հայաստան ձեռնպահ մնացած էր հռչակագիրը ստորագրելէ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։