Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Յունիս 25-ին, Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ։
Կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու միջեւ շարունակական երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր։ Անոնք անդրադարձած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին ու գոյացած համաձայնութիւններու իրականացման վերաբերող քայլերուն եւս: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։