Յուլիս 7-14 Երեւանի մէջ կայանալիք «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնին այս տարի բացման արարողութեան կարմիր գորգ պիտի չփռուի։
Կարմիր գորգը պիտի փոխարինեն արուեստագէտ Դաւիթ Քոչունցի ձեւաւորման հիման վրայ տեղացի գորգագործ վարպետներու ձեռքերով պատրաստած գորգերը։
Սոյն որոշումը կայացուած է նկատի ունենալով հայկական գորգագործութեան հարուստ պատմութիւնն ու աւանդութիւնը։
Այս փոփոխութեան ընդառաջ ARARAT թանգարանը՝ «Ոսկէ Ծիրան»-ի եւ AHA Collective-ի հետ միասին, կազմակերպած է Դաւիթ Քոչունցի գորգագործական աշխատանքներու ցուցադրութիւն, զոր համադրած է Նաիրի Խաչատուրեան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։