Յունիս 21-23, Ջաւախքի մէջ տեղի ունեցած է «Միասնական հայեացք Սամցխէ-Ջաւախեթիին» խորագրով հայ-վրացական 3-րդ բացօթեայ փառատօնը:
Ձեռնարկը կեանքի կոչուած է «Աջակցութիւն Ջաւախքին» հիմնադրամի, Հայաստանի եւ Վրաստանի Նկարիչներու միութիւններու եւ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան ջանքերով։
Երեւանէն, Թիֆլիսէն եւ Ջաւախքէն փառատօնին մասնակցող հայ եւ վրացի արուեստագէտները շրջած են Ջաւախքի նշանաւոր պատմամշակութային եւ գեղատեսիլ վայրերը (Ապուլ լեռ, Խերթվիզ բերդ, Փարուանա լիճ եւ այլն) ու կտաւին յանձնած իրենց տպաւորութիւնները:
Ստեղծուած շուրջ 40 նկարչական գործերուն ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ յառաջիկային։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։