Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – Խորհրդարանական ընտրութիւններ – Ինչպէս կը նախատեսուէր՝ ծայրայեղ աջը յստակ յաղթանակ մը տարաւ

Ֆրան­սա­յի մէջ եւ­րո­պական ընտրու­թիւննե­րուն՝ ծայ­րա­յեղ աջի տա­րած գրե­թէ ջախ­ջա­խիչ յաղ­թա­նակէն ետք, նա­խագահ Մաք­րոն լու­ծած էր Ազ­գա­յին ժո­ղովը եւ խորհրդա­րանա­կան նոր՝ ար­տա­կարգ ընտրու­թիւններ յայ­տա­րարած՝ Յու­նիս 30-ին եւ Յու­լիս 7-ին։

Կի­րակի, Յու­նիս 30-ին, Ա. փու­լի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն՝ ինչ­պէս կը նա­խատե­սէին հար­ցա­խոյ­զե­րը՝ Լը Փէն գեր­դաստա­նի ծայ­րա­յեղ աջա­կող­մեան կու­սակցու­թիւ­նը, որ ներ­կա­յիս կը կո­չուի «Ազ­գա­յին հա­մախմբում» («Rassemblement national – RN») եւ զոր կը գլխա­ւորէ Ժոր­տան Պար­տելլա, կրկին ար­ձա­նագ­րեց մեծ յա­ջողու­թիւն, հա­կառակ ձա­խակող­մեան կու­սակցու­թիւննե­րու ստեղ­ծած միաս­նա­կան ճա­կատին, որ կո­չուած է «Նոր ժո­ղովրդա­կան ճա­կատ»։ 

Կի­րակի իրի­կուն տա­կաւին ոչ-պաշ­տօ­նական բայց վստա­հելի առա­ջին ար­դիւնքնե­րու հա­մաձայն՝ «Ազ­գա­յին հա­մախմբում»-ը առա­ջին դիր­քի վրայ հա­սած ու ստա­ցած էր ձայ­նե­րու շուրջ 33,2%-ը, «Նոր ժո­ղովրդա­կան ճա­կատ»-ը՝ 28,1%, իսկ նա­խագահ Մաք­րո­նի կու­սակցու­թիւնն ու անոր շուրջ հա­ւաքուած­նե­րը («Միասին» – « Ensemble »)՝ 21%։

Այս ընտրու­թիւննե­րուն մէկ այլ կա­րեւոր ցու­ցա­նիշն ալ, բաղ­դա­տած վեր­ջին տա­րինե­րու տուեալ­նե­րուն՝ մաս­նակցու­թեան «շատ բարձր» տո­կոսն է՝ շուրջ 65,8%։

Նշենք, որ այս առա­ջին փու­լէն իսկ ընտրուելու հա­մար թեկ­նա­ծու­նե­րը պար­տէին ստա­նալ իրենց ընտրա­մասի ձայ­նե­րու 50%-էն աւե­լին. իսկ անոնք որոնք չեն ընտրուած Ա. փու­լէն, Բ. փու­լին մաս­նակցիլ կա­րենա­լու հա­մար պար­տէին ձեռք ձգել ձայ­նե­րու առ­նուազն 12,5%-ը։ Քա­նի որ ար­դիւնքնե­րը դեռ նախ­նա­կան էին՝ կա­րելի չէր տալ առա­ջին փու­լէն ընտրուած­նե­րու ստոյգ թիւ մը, որ կը գնա­հատուէր 65-էն 85-ի մի­ջեւ, Ազ­գա­յին ժո­ղովի ընդհա­նուր 577 աթոռ­նե­րուն հա­մար։ Այլ կերպ բա­նաձե­ւած՝ վերջնա­կան խօս­քը կը մնայ երկրորդ փու­լին։ 

Բայց եւ այնպէս, հիմ­նուելով առա­ջին փու­լին թեկ­նա­ծու­նե­րու ստա­ցած ձայ­նե­րուն եւ ընտրող­նե­րու քա­ղաքա­կան տրա­մադ­րութիւննե­րուն վրայ՝ հար­ցա­խոյ­զե­րու եւ նա­խատե­սու­թիւննե­րու ֆրան­սա­կան հան­րա­ծանօթ Ipsos հիմ­նարկը,– որ այս ընտրու­թիւննե­րուն առ­թիւ կը գոր­ծակցի Talan-ի հետ,– հրա­պարա­կած է հե­տեւեալ նա­խա­տեսու­թիւննե­րը Բ. փու­լի ընտրու­թիւննե­րուն հա­մար, ուր ու­շագրաւ է «Ազ­գա­յին հա­մախմբում»-ի Ազ­գա­յին ժո­ղովին մէջ բա­ցար­ձակ մե­ծամաս­նութեան (289 աթոռ) տի­րանա­լու հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Այսպէս, ըստ Ipsos-Talan-ի՝

– «Ազ­գա­յին հա­մախմբում»՝ 230-280 աթոռ,

– «Նոր ժո­ղովրդա­կան ճա­կատ»՝ 125-165 աթոռ,

– Նա­խագա­հական «Միասին» ճա­կատը՝ 70-100 աթոռ,

– «Հան­րա­պետա­կան­նե­րը» եւ Զա­նազան աջ՝ 41-61 աթոռ,

– Զա­նազան ձախ («Նոր ժո­ղովրդա­կան ճա­կատ»-էն դուրս)՝ 11-19 աթոռ,

– Այլ՝ 22-30 աթոռ։ 

Նշենք, թէ առա­ջին ար­դիւնքնե­րու հրա­պարա­կու­մէն ան­մի­ջապէս ետք, նա­խագահ Մաք­րոն եւ վար­չա­պետ Աթ­թալ կոչ ըրին պա­տուար կանգնե­լու «Ազ­գա­յին հա­մախմբում»-ին առ­ջեւ։ «Նոր ժո­ղովրդա­կան ճա­կատ»-ը ար­դէն պաշ­տօ­նապէս յայ­տա­րարեց, թէ այն բո­լոր ընտրա­մասե­րուն մէջ ուր «Ազ­գա­յին հա­մախմբում»-ի թեկ­նա­ծու­ներ որա­կուած են Բ. փու­լին հա­մար եւ եթէ իրենք ու­նին եր­րորդ դիր­քի վրայ հա­սած ու որա­կուած թեկ­նածու­ներ՝ պի­տի քա­շեն զա­նոնք։ Կա­մովին քա­շուե­լու մա­սին նման անձնա­կան յայ­տա­րարու­թիւններ ըրին այլ հո­սանքնե­րու պատ­կա­նող թեկ­նա­ծու­ներ ալ։