Երեւանի Պետական համալսարանի Մշակութաբանութեան ամպիոնի վարիչ, Արցախի Ասկերանի շրջանին մէջ գտնուող Տիգրանակերտի հնավայրը պեղումներ կատարած արշաւախումբի ղեկավար Համլետ Պետրոսեանի հեղինակութեամբ եւ Ֆրանսայէն Մարինա Տէտէեանի համագործակցութեամբ յօդուած մը լոյս տեսած է ֆրանսական «Le spectacle du monde» եռամսեայի 2024 ամռան թիւին մէջ՝ «Տիգրանակերտ. հայկական յիշողութիւնը վտանգի տակ» վերտառութեամբ։
Նկարազարդ չորս էջերուն մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուած է Մեծն Տիգրանի անունը կրող, հայկական եւ եւրոպական մշակոյթի գոհարներէն համարուող հինաւուրց Տիգրանակերտ քաղաքը, ահազանգ հնչեցնելով, թէ ան այսօր բռնագրաւուած է Ազերպայճանի կողմէ եւ կը գտնուի անհետացման վտանգի առջեւ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։