Արնուվիլի Հրանդ Տինք վարժարանի մատակարար մարմինէն չորս նուիրեալներ՝ Սեդրակ Այտին, Կարօ Կարապետեան, Մովսէս Մարտիրեան եւ Արթուն Սոժի անցեալ տարուընէ ի վեր վերակենդանացուցած են երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի նախաձեռնած՝ հայերէնը քաջալերող աւանդութիւնը:
Մեծարգոյ բարերարները Սուրբ Սահակի եւ Սուրբ Մեսրոպի քանդակ-ոսկեմետալով կը պարգեւատրեն փարիզեան շրջանի հայկական ամէնօրեայ չորս վարժարաններու հայերէնի լաւագոյն աշակերտը:
Կիրակի, Յունիս 30-ին Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր վրդ. Խաչատրեանի եւ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի ներկայութեան շնորհուեցաւ ոսկեմետալ մը Դպրոցասէր վարժարանի աշակերտներէն Սիլվա Պաղտասարեանին, ինչպէս նաեւ Նորվան արք. Զաքարեան նուիրուեց «Պատարագամատոյց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ» գիրքը կրթական նոյն հաստատութեան աշակերտներէն Էտուարտ Խաչատրեանին:
Շնորհակալութիւն բարերարներուն եւ Նորվան Սրբազանին:
Կը շնորհաւորենք Սիլվան եւ Էտուարտը: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։