Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին «ՌԻԱ Նովոստի»-ին ըսած է, թէ ռուսական կողմը չափազանց կ՚ափսոսայ Հայաստանի մասնակցութեան համար Ուաշինկթընի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին:
“Անդրադառնալով անվտանգութեան ոլորտին՝ կ՚ուզեմ ընդգծել, որ Հայաստան կը մնայ ՀԱՊԿ-ի անդամ եւ բազմաթիւ երկկողմ պայմանագրեր ստորագրած է ռազմական եւ ռազմաթեքնիքական ոլորտներուն մէջ”,– նշած է ան։
Կալուզին նաեւ յայտարարած է, թէ Երեւան, մտահոգութիւնները քննարկելու կառուցողական մօտեցման փոխարէն, «ցաւօք, այլ ուղի ընտրած է»:
“Հայաստան կը գերադասէ ծաւալել գործակցութիւնը ՕԹԱՆ-ի կամ այդ դաշինքի առանձին անդամներու հետ, յատկապէս ՕԹԱՆ-ի չափանիշերու ներդրման, զէնքի գնման կամ համատեղ մարտական պատրաստութիւններու առումով, ալ չեմ խօսիր Ուաշինկթընի մէջ ընթացող այս ռազմաքաղաքական դաշինքի վեհաժողովին մասնակցելու մասին։ Այս ամէնը կրնայ միայն պատճառել ծայրայեղ ափսոսանք”,– ըսած է ռուս փոխնախարարը։
Ըստ Կալուզինի՝ համագործակցութիւնը խորացնելով անոնց հետ, որոնց նպատակը Ռուսաստանի «ռազմավարական պարտութիւնն է»՝ Երեւան իր ձեռքով լրջօրէն ապակայունացման վտանգի կ՚ենթարկէ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ՝ «ի վնաս սեփական անվտանգութեան»։
“Կը կարծեմ, որ Հայաստանի բանիմաց մասնագէտներն ու քաղաքական գործիչները կը հասկնան նման անխոհեմ քայլերու հաւանական գինը”,– շարունակած է դիւանագէտը՝ աւելցնելով. “Իմ կարծիքով՝ «երկու աթոռի վրայ նստելու» փորձերու անիրատեսական բնոյթը, թէկուզ մէկ այլ՝ տնտեսական ոլորտի մէջ, շատ յստակ արտայայտեց Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսեյ Օվերչուք՝ ելոյթ ունենալով Մոսկուայի մէջ «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» համաժողովին, անցեալ ամսու վերջ՝ խօսելով Երեւանի եւրոպական նկրտումներուն մասին՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ անոր ստանձնած յանձնառութիւններու լոյսին տակ”:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։