Search
Close this search box.

ԳԱՆԱՏԱ – Օնթարիոյի Մարքամ քաղաքին մէջ տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Գորնինկի յուշարձանը

 

Յուլիս 13-ին, Օնթարիոյի Մարքամ քաղաքի «Յուսոյ անտառ» պուրակին մէջ տեղի ունեցած է Հայոյց ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու փրկարար գանատացի բուժքոյր Սառա Գորնինկի յուշարձանի բացման արարողութիւնը։

Սառա Գորնինկ ծնած է Գանատայի Նովա Սքոշիա նահանգի Եարմութ քաղաքին մէջ։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Ամերիկայի Կարմիր խաչի բուժքոյր եղած է։ 1919-ին Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց կոմիտէի (Near East Relief) կողմէ գործուղուած է Փոքր Ասիա՝ օժանդակելու թրքական սպանդներէն փրկուած յոյն, հայ եւ ասորի գաղթականներուն: Գորնինկ փրկած է Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայ որբեր: Իբրեւ բուժքոյր, 1919 թուականին որոշ ժամանակ գործած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ օգնութեան ձեռք երկարած հարիւրհազարաւոր հայ գաղթականներու, որոնցմէ շատեր վարակիչ հիւանդութիւններէ կը տառապէին: Գորնինկ մահացած է իր ծննդավայր Եարմութի մէջ, 1969-ին, 97 տարեկանին:

Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցած են Մարքամի քաղաքապետը, Գանատայի խորհրդարանի անդամներ, Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչը, որոնք դրուատած են իր կեանքը մարդկութեան նուիրաբերած գանատացիին բարեսիրական առաքելութիւնը:

Լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի

«Հորիզոն» շաբաթաթերթ