Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան, Շաբաթ, 13 Յուլիս 2024-ին, Շուէտի «Վեսար-Օ» կղզիին մէջ ընթացք առած է ՀՄԸՄ-ի Եւրոպայի միջցամաքամասային առաջին բանակումը, մասնակցութեամբ 182 տարազաւորներու՝ Արցախէն, Հայաստանէն, Շուէտի Սոտերթելիա, Օրեպրու, Սթոքհոլմ եւ Վեսթերոս շրջաններէն, Երուսաղէմէն, Լոնտոնէն, Վիեննայէն, Առնհեմէն, Թիֆլիսէն, Վալանսէն, Մարսիլիայէն եւ Յունաստանէն։
Բանակումին բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է Կիրակի, Յուլիս 14-ին։
Բանակումի ընդհանուր խմբապետուհին է Սոտերթելիայէն քոյր Նենսի Խաչատուրեան։ Գործադիր խմբապետական կազմի անդամներն են՝ եղբ․ Յակոբ Սահակեան (Վիեննա), քոյր Ալիս Սարգիսեան (Սոտերթելիա) եւ եղբ․ Յարութ Արծիւ Երէցեան (Սոտերթելիա)։
Բանակումը կը տեւէ մինչեւ Շաբաթ, Յուլիս 20։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։