Յուլիս 18-ին հետախուզական պեղումներ սկսած են Վայոց Ձորի մարզի Եղեգիս գետի ձորալանջին գտնուող Հերմոնի վանական համալիրի տարածքին։ Պեղումները կ՚իրականացնէ «Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոն»-ի արշաւախումբը, Մերի Սաֆարեանի գլխաւորութեամբ։
Նշեալ կեդրոնէն տեղեկացուցած են, թէ աշխատանքները կ՚ընթանան 16-17-րդ դդ. կառուցուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կիսաւեր եկեղեցւոյ արեւելեան բաժնին մէջ։
Քարահողային լիցքը մաքրելու ատեն արդէն իսկ գտնուած են խաչքարերու արձանագիր սրբատաշ բեկորներ, ծածկասալերու կտորներ։
Պեղումները ընթացքի մէջ են՝ նորանոր բացայայտումներու ակնկալիքով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։