Search
Close this search box.

Փաթրիք Քարամի հակազդեցութիւնը՝ Պաքուի մէջ «Ֆրանսական գաղութներու ազատագրման միջազգային ճակատ»-ի ստեղծման առթիւ. «Ես ամօթ կը զգամ անդրծովեան տարածքներէն եկող այս լուսանցքային մարդոց տեղը»

 

Հայաստանին ցուցաբերած զօրակցութեան եւ անոր՝ սպառազինութեան մատակարարման պատճառով Ֆրանսայի հետ ստեղծուած դիւանագիտական ​​լարումի ենթախորքին, Ազերպայճան՝ «ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով այս օրինակելի, անքննադատելի վարկի տէր երկիրը»-ը, հիմա յանկարծ մտահոգուած է իր գտնուած Հարաւային Կովկասէն հազարաւոր փարսախներով հեռու ֆրանսական անդրծովեան տարածքներու բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեամբ։ 

Այսպէս, Յուլիս 17-18-ին Պաքուի մէջ կազմակերպուած է ֆրանսական անդրծովեան տարածքներու անկախապաշտներու համաժողով մը, որուն մասնակցած են շուրջ քսան անկախապաշտ կուսակցութիւններ, ներառեալ՝ Գորսիքայէն, Փոլինեզիայէն, Գարայիպեան եւ Անթիլեան կղզիներէն, նպատակ ունենալով մշակել «Ֆրանսայի ցեղապաշտ ​​եւ ճնշող գաղութային քաղաքականութեան» դէմ պայքարի ծրագիր մը։ Երկօրեայ հանդիպման աւարտին ալ յայտարարուած է «Ֆրանսական գաղութներու ազատագրման միջազգային ճակատ»-ի ստեղծման մասին։

Իլ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհուրդի փոխնախագահ, Անդրծովեան տարածքներու նախկին միջնախարարական պատուիրակ, «La Chredo» (Արեւելքի քրիստոնեաներ) ընկերակցութեան նախագահ Փաթրիք Քարամ, հակազդելով Պաքուի այս նախաձեռնութեան, բայց նաեւ եւ մանաւանդ բոլոր անոնց, որոնք պատրաստակամօրէն ընդառաջած են Ազերպայճանի խաղին, «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին գրած է.

«Ամօ՛թ. ես որ միշտ եղած եմ անդրծովեան գործիչ մը, այսօր կ՚ամչնամ։

Կ՚ամչնամ անդրծովեան տարածքներէն եկող այս լուսանցքային մարդոց տեղը, որոնք գացեր են Պաքու, իրենք զիրենք ու մեզ նուաստացնելու:

Անոնք դաշնակցելով այնպիսի գիշատիչ բռնապետութեան մը հետ, որ  կը նկատուի աշխարհի ամենադաժաններէն մէկը, կը դաւաճանեն մեր այն բնակչութիւնները, որոնք ամէն ինչէ վեր դասելով՝  երազած են ազատութիւն։

Անոնք արհամարհելով իրենց պատմութիւնը,– ոմանց պարագային՝ ստրկութիւնը, ուրիշներու պարագային՝ գաղութացումը,– կը սպասարկեն շահերը պետութեան մը, որ գործած է մարդկութեան դէմ ոճիր եւ Ղարաբաղի  մէջ գործադրած՝ հայերու նկատմամբ ցեղային զտում:

Անոնք, անամօթաբար իր սեփական բնակչութիւնը ճնշող ու թալանող վարչակազմի մը (իմա՝ ազերպայճանական – «ՆՅ») սպասարկողներ են։

Անոնք կ՚երթան խմելու եղծանուած եւ եղծանող իշխանութեան մը հրամցուցած ապուրը, իշխանութիւն մը որ խաւիարային դիւանագիտութիւն կը կիրարկէ ուրիշներու աջակցութիւնը գնելու համար եւ կը գրաւէ բոլոր միջազգային պատուոյ վարկանիշերու վերջին դիրքերը:

Անոնք իրենք զիրենք կ՚ենթարկեն դաւադրութեան մեղադրանքին՝ մեղսակցելով թշնամիի մը հետ, որ թքած ունի անդրծովեան տարածքներու համար մղուող պայքարին վրայ եւ կը շահագործէ զիրենք վրէժ լուծելու Ֆրանսայէն՝ հայերուն աջակցելուն համար, մինչդեռ անդրծովեանները միշտ ալ պաշտպանած են իրենց հայրենիքը, երբ ան յայտնուած է վտանգի տակ , յատկապէս այլախոհներու շրջանին, Բ. համաշխարհային պատերազմի ընթացքին։

Անոնք,– ինչպէս կ՚ըսէր Էմէ Սեզեր,– խամաճիկներ են ուրիշներու բարեկենդանին։

Այնպէս որ, այո՛, ես, որ աւելի քան երեսուն տարի անխոնջ պայքարած եմ մեր անդրծովեան տարածքներուն համար, կ՚ամչնամ անոնցմէ, որոնք կ՚արատաւորեն մեզ եւ մեր պատիւը նետեցին շուներուն առջեւ»։