Յուլիս 20-ին, բռնագրաւուած Շուշիի մէջ ընթացող Global Media համաժողովին, Ազերպայճանի բռնապետը յայտարարած է, որ իրենք Երեւանէն յստակ պատասխան կ՚ակնկալեն, թէ «ինչպէս կրնան Հայաստանի ներկայ տարածքէն՝ Արեւմտեան Ազերպայճանէն արտաքսուած ազերպայճանցիները կամ անոնց ժառանգները վերադառնալ իրենց պատմական հողերը՝ այցելել այդ տարածքները կամ բնակութիւն հաստատել այնտեղ»։ Ան նաեւ պնդած է, թէ «իրենց ունեցած բաւական հաւաստի տուեալներու համաձայն՝ այդ գիւղերու 90 տոկոսը, ուր կ՚ապրէին ազերպայճանցիները, այսօր դատարկ են», յատկապէս ընդգծելով, թէ ինք խորապէս համոզուած է, որ այդ օրը կու գայ։
Նոյն համաժողովին Ազերպայճանի նախագահը անգամ մը եւս ըսած է, թէ «Հայաստան պէտք է [խաղաղութեան մասին] իր յայտարարութիւնները ամրագրէ գործողութիւններով»։
“Այս փուլին Պաքու Երևանէն երկու քայլ կ՚ակնկալէ. առաջին՝ միատեղ դիմում ԵԱՀԿ-ին՝ Մինսքի խումբի լուծարման առաջարկով, որուն Հայաստան համաձայն չէ։ Երկրորդ՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւն։
Կ՚ուզեմ յատկապէս ընդգծել, որ մենք սա կ՚ըսենք, ոչ այն պատճառով, որ կը փափաքինք միջամտել Հայաստանի ներքին գործերուն։ Խնդիրն այն է, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան բնագրին մէջ յղում կայ Անկախութեան հռչակագրին, ուր յստակ տարածքային սպառնալիք կայ Ազերպայճանի հասցէին։ Հոն կը խօսուի այսպէս կոչուած Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վերամիաւորման մասին։ Քանի դեռ այդ յօդուածը այնտեղ է՝ խաղաղութեան համաձայնագրին կնքումը անկարելի է։ Սահմանադրութիւնը աւելի բարձր է քան որեւէ միջազգային պայմանագիր։ Մենք չենք ուզեր յայտնուիլ կացութեան մը մէջ, երբ անոնք կը փոխեն իրենց միտքը եւ մենք ստիպուած կ՚ըլլանք ընելու այն, ինչ արդէն մէկ անգամ ըրինք Սեպտեմբերին”,– յոխորտացած է Պաքուի բռնապետը։
***
Նշենք, թէ համաժողովին Ալիև անդրադարձած է նաեւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Փաշինեանի հետ չկայացած հանդիպումին։
“Եթէ ան (Փաշինեան) չուզեց իմ հետ խօսիլ, ապա ի՞նչ խաղաղութեան պայմանագրի մասին կրնայ խօսք ըլլալ։ Եթէ ան չէր ուզել խօսիլ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետին հետ, ինչո՞ւ եկաւ Լոնտոն”,– ըսած է ան:
***
Բոլորիս ծանօթ է, որ Ազերպայճան մասնագիտացած է զինք խորհրդանշող ամէն բացասական երեւոյթի՝ իբրեւ թէ հակապատկերին պաշտպանը ցոյց տալու մէջ, հաւատարիմ մնալով Հիթլերի՝ Քարոզչութեան նախարար Կէօպելսի խօսքին՝ «Մէկ անգամ ըսուած սուտը՝ կը մնայ սուտ, տասը հազար անգամ կրկնելէ ետք՝ ան կը դառնայ իրականութիւն»։
Այդպէս է, որ բազմամշակութայնութեան, բազմակրօնութեան հարցով՝ ստեղծած ու տարածած է «Ազերպայճան՝ լայնախոհութեան երկիր» կարգախօսը («Azerbaïdjan, terre de tolérance»), Արցախի հայերը տմարդի ամէն տանջանքի ենթարկելէ ու իրենց պապենական հողերէն վտարելէ ետք՝ ներկայիս յանկարծ «մտահոգ է» Ֆրանսայի անդրծովեան տարածքներու բնակչութեանց իրաւունքներով, կամ բնապահական իր աղէտալի վիճակը մէկդի դրած՝ ստանձնած է COP29-ի կազմակերպումը (անշուշտ, յանցանքի բաժինը կ՚իյնայ առաւելաբար այդ թեկնածութիւնը ընտրողներուն, քան՝ նոյնինքն Պաքուին), եւ կամ ինչպէս որ առտուն կրակոցներ կ՚արձակէ ու յետմիջօրէին խաղաղութեան կոչեր կ՚ընէ… Ցանկը կարելի է դեռ շա՜տ երկարել…
Շուշիի մէջ կազմակերպուած՝ համաշխարհային լրասփիւռներու այս համաժողովին հրաւիրուած է շուրջ 50 երկրէ 150 լրագրող։
Հոս եւս պարագան նոյնն է. ըստ ազերպայճանական « Azertac » լրասփիւռին՝ այդ 150 լրագրողները երկու օրուան ընթացքին կը լսեն դասախօսութիւններ, կը մասնակցին քննարկումներու, որոնց առանցքը պիտի կազմէ «ապատեղեկատւութիւնը»։ Եւ լրասփիւռը, որ կը հաղորդէ այս լուրը, անվարան կը գրէ՝ «Շուշայի Համաշխարհային լրասփիւռներու համաժողովի մասնակիցները սկսան այցելել ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔը»։
Արդէն ա՛յս կը վայելէր Ազերպայճանին։
Անկցի՛ ապատեղեկատւութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։