Search
Close this search box.

Խաղաղութեան դաշինքի ձախողութիւն, Արեւմուտքի հետ գործակցութիւններու յաջողութիւն

Որքան օրե­րը կ՚անցնին այնքան Ազեր­պէյճա­նի հետ շու­տա­փոյթ խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագիր կնքե­լու հե­ռան­կա­րը կը տժգունի, հա­կառակ Հա­յաս­տա­նի պե­տական դէմքե­րու բեր­նէն հնչող ցան­կութեան … ինչ որ ցոյց կու տայ Հա­յաս­տա­նի՝ խա­ղաղու­թիւն կնքե­լու վճռո­րոշու­թիւնը մէկ կողմէ եւ միւս կող­մէ ալ՝ երկդի­մի ռազ­մա­վարու­թիւնը Ազեր­պայճա­նի, որ միշտ նոր նա­խապայ­մաններ կը պար­տադրէ, որոնց իրա­կանա­ցու­մը կը մնայ անըն­դունե­լի կամ անի­րագոր­ծե­լի։ Հա­յաս­տա­նի արեւմ­­տեան գոր­ծընկեր­նե­րը բնա­կան է որ կը հասկնան այս խա­ղը, սա­կայն անոր առաջքն առ­նե­լու ան­կա­րող կը թուին ըլ­լալ, նկատի ունենալով մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կան իրա­վիճա­կը։

Փո­խարէ­նը Միացեալ Նահանգ­ներն ու Եւրոպական Միութիւնը անուղղա­կի մի­ջոց­ներ ի գործ կը դնեն ու յայ­տա­րարու­թիւններ կը կա­տարեն իրենց պաշ­տօ­նական դիր­քո­րոշու­մը յայտնե­լու Ազեր­պայճա­նի վրայ ճնշում բա­նեց­նե­լու նպա­տակով։ Ինչպէս՝ Ար­ցա­խահա­յու­թեան Ար­ցախ վե­րադառ­նա­լու իրա­ւունքի պա­հան­ջը, Ար­ցա­խի պատ­մամշա­կու­թա­յին ար­ժէքնե­րու պաշտպա­նու­թեան կոչերը…

Բա­նակ­ցա­յին ու դի­ւանա­գիտա­կան այս գոր­ծընթաց­նե­րուն զու­գա­հեռ Միացեալ Նահանգ­ներն ու Եւրոպական Միութիւնը աւե­լի ու աւե­լի կ՚աշխուժացնեն նաեւ ռազ­մա­կան, քա­ղաքա­կան ու մար­դա­սիրա­կան իրենց օժան­դա­կու­թիւնը Հա­յաս­տա­նին։ 

Յու­լիս 22-ին, ԵՄ-ի Ար­տաքին գոր­ծոց նա­խարար­նե­րը Հա­յաս­տա­նի ի նպաստ կա­յացու­ցուցին պատ­մա­կան եր­կու որո­շում. վի­զայի ջնջումի երկխօ­սու­թեան մեկ­նարկը եւ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով՝ Խա­ղաղու­թեան եւ­րո­պական հիմ­նադրա­մէն Հա­յաս­տա­նին 10 միլիոն եւ­րո­յի տրա­մադ­րումը, որուն նպա­տակն է բարձրաց­նել Հա­յաս­տա­նի զի­նուած ու­ժե­րու նիւ­թա­թեքնիքական կա­րողու­թիւննե­րը եւ նպաս­տել ճգնա­ժամա­յին ու ար­տա­կարգ իրա­վիճակ­նե­րու մէջ խա­ղաղ բնակ­չութեան պաշտպա­նու­թեան բա­րելաւ­մա­ն։

Իբր նպա­տակ նշուած է նաեւ բարձրաց­նել Հա­յաս­տա­նի դի­մադ­րո­ղակա­նու­թիւնը, արա­գացնել զինուած ու­ժե­րու փոխ­գործու­նա­կու­թիւնը, ինչպէս նաեւ հե­տագա­յին մի­ջազ­գա­յին, ներառեալ՝ Եւրոպական Միութեան կազ­մա­կեր­պած ռազ­մա­կան առա­քելու­թիւննե­րուն ու գոր­ծո­ղու­թիւննե­րուն Հայաստանի հնա­րաւոր մաս­նակցու­թիւնը։

Յատ­կա­ցուած 10 մի­լիոնը մեծ գու­մար չէ, սա­կայն սկիզբ մըն է ճամ­բայ հար­թե­լու, չա­փելու ներ­քա­ղա­քա­կան ու տա­րածաշրջա­նային եր­կիրնե­րու հակազ­դե­ցու­թիւննե­րը։ Նոյնպէս՝ վիզայի ջնջու­մը, որ Եւրոպական Միութեան հետ գոր­ծընկե­րու­թեան սեր­տա­ցման կա­րեւոր քայլ մըն է։ 

Այստեղ պէտք է ընդգծել որ հա­կառակ Հա­յաս­տա­նի ռու­սա­կան առաջ­նորդու­թեամբ ՀԱՊԿ-ի ռազ­մա­կան դա­շին­քին ան­դա­մակ­ցութեան, Եւ­րո­պական Միու­թիւնը ար­գելք չի տես­ներ ապա­գային Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­կան մաս­նակցու­թեան՝ իր զի­նեալ առա­քե­լու­թիւննե­րուն։

Նոյնն է պա­րագան, ԱՄՆ-ու հետ ռազ­մա­կան գոր­ծակցու­թեան։ ԱՄՆ-ու Եւ­րո­պական Զի­նեալ ու­ժե­րու հրա­մանա­տարու­թիւնը, Հայաս­տա­նի մէջ, Յուլիս 15-24 «Eagle Partner 2024» («Ար­ծիւ գոր­ծընկեր 2024») ռազմափորձեր կա­տարեց։ 

Իսկ աւե­լի զար­մա­նալին այն է որ Հա­յաս­տա­նի Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան մէջ պի­տի գոր­ծէ ամե­րիկեան բա­նակի ներ­կա­յացու­ցի­չի մը գրա­սենեակը, որու մասին ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան տե­ղակալ Ուզրա Զեյա յայտարարեց Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ, նշե­լով. «մենք կ՚ող­ջունենք ԱՄՆ-ու եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ պաշտպա­նա-քա­ղաքա­ցիական հա­մագոր­ծակցու­թեան խո­րացու­մը»։

Բնա­կանա­բար, Ազեր­պայճան ար­տա­յայ­տուեցաւ բա­ցասա­բար, յատ­կա­պէս Եւ­րո­պական Խա­ղաղու­թեան հիմ­­նադրա­­մի նպաս­­տի յատ­­կա­­­ցու­­մին առ­­թիւ։ Ռու­­սաստան եւս, ան­­մի­­­ջապէս հա­­կազ­­դեց ար­­գելք դնե­­լով Հա­­յաս­­տա­­­նէն Ռու­­սաստան կարգ մը բան­­ջա­­­րեղէն­­նե­­­րու ներ­ածու­­մին։ 

Մինչ այդ, Ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան ու­­ժե­­­րու հար­­թակ անո­ւան տակ՝ Հա­յաս­տա­նի եւ­րո­պամէտ չորս կու­սակցու­թիւններ՝ «Հան­րա­պետու­թիւն», «Յա­նուն Հան­րա­պետու­թեան», «Եւ­րո­պական» եւ «Քրիս­տո­նեայ-ժո­ղովրդա­վարա­կան», դի­մեցին ստո­րագ­րա­հաւա­քի մը, որպէսզի կայացուի ԵՄ-ին ան­դա­մակ­ցե­լու հան­րա­քուէ։     

Ժ.Չ. ■