Միջազգային քրէական ատեանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ «Արմէնփրէս»-ին տուած հարցազրոյցին անդրադարձած է իր նախաձեռնութեան, որ աշխարհի հայերուն կոչ կը յղէ համախմբուելու եւ լրասփիւռային արշաւ սկսելու 2024 Նոյեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան 29-րդ համաժողովին (COP29) դէմ` Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ գերիները ազատ արձակելու պահանջով ու նպատակով։
Ան նշած է, թէ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը փորձէ COP29-ով բարձրացնել իր երկրին հեղինակութիւնը։ “Տարօրինակ է, որ Ալիեւ կը փորձէ զայն ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան համաժողով, երբ այսօր Պաքուի բանտերուն մէջ հայ գերիներ կը պահուին, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը”,– ըսած է Օքամփօ։
“Գերիները ձերբակալելը ուղերձ էր Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն՝ «եթէ վերադառնաք Լեռնային Ղարաբաղ, կը տուժէք, կը բանտարկուիք կամ ձեզ կը սպանենք»։ Ուշագրաւը այն է, որ աշխարհաքաղաքական նկատառումներէ մեկնելով՝ Ազերպայճան կը յաջողի Եւրոպան եւ ԱՄՆ-ն ետ պահել որեւէ բան ըսելէ։ Պետութիւնները լուռ կը մնան, յետոյ կը փորձեն մոռնալ”,– շեշտած է նախկին ընդհանուր դատախազը:
Մատնանշելով, թէ Ազերպայճան ցեղասպանութիւն գործած է Արցախի մէջ, Օքամփօ յայտնած է, թէ «Լաչինի միջանցքը միակ ճամբան էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կը կապէր աշխարհի հետ եւ զայն շրջափակելով՝ Ազերպայճան բնակչութիւնը մեկուսացուց եւ ստիպեց իրեն ենթարկուելու, իսկ մինչ այդ ալ Պաքու բազմիցս ըսած էր, որ կը պատրաստուի ոչնչացնել անոնց։ Այս բոլորէն յստակ կը դառնայ որ եղածը ցեղասպանութիւն էր, նկատի ունենալով, որ մարդոց բռնի տեղահանութիւնն ալ ցեղասպանութեան տեսակ մըն է եւ այդ իրաւաբանօրէն սահմանուած է Ցեղասպանութեան համաձայնագրով»։
Օքամփոյի կարծիքով՝ տեղի ունեցածին մասին պէտք է անդադար ձայն բարձրացնել ու գործել, ոչ թէ լռութիւն պահպանել։ “Այս ուղղութեամբ հիմնական դերակատարը Հայաստանն է եւ առաջին հերթին Սփիւռքի հայութիւնը”,– ընդգծած է ան աւելցնելով, թէ իրեն համար մեծ պատիւ է, որ որեւէ բանով կրնայ օգնել հայերուն՝ աշխարհի մէջ տիրող այս ճգնաժամային կացութեան մէջ։ “Մենք կ՚ուզենք օգտագործել ընկերային ցանցերու կարելիութիւնները մեր նպատակին հասնելու համար”,– ըսած է ան։
(…)
“Մենք չենք կրնար լքել Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայ գերիները եւ պէտք է պաշտպանենք զանոնք։ COP29-էն յետոյ, եթէ Ալիեւ յաջողի կեանքի կոչել խաղաղասէր երեւնալու իր ծրագիրը, այդ մարդիկը փրկելու հնարաւութիւն կրնայ չըլլալ։ Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ COP29-ը Պաքուի մէջ տեղի ունենայ քանի դեռ 23 հայ գերիները բանտարկուած կը մնան”,– նշած է Օքամփօ՝ շեշտելով, թէ ակնյայտ է, որ բռնապետական Ազերպայճանի մէջ չկայ անկախ դատական համակարգ, հետեւաբար դժուար է հաւատալ, որ ոեւէ դատաւոր հայ գերիներու նկատմամբ կրնայ արդար վճիռ կայացնել եւ ազատ արձակել զանոնք։
Նախկին դատախազը ընդգծած է թէ «Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերը ոչ թէ ռազմագերիներ են, այլ ցեղասպանութեան զոհեր, որոնք ձերբակալուած են երբ կ՚ուզէին դուրս ելլել Լեռնային Ղարաբաղէն, իսկ Ազերպայճանի մէջ անոնք կ՚ամբաստանուին ռազմական յանցագործութիւններ կատարած ըլլալու մեղադրանքով։ Բայց այս ամէնը անհեթեթ դատական ընթացակարգեր են, որոնք նոյնիսկ քննարկման արժանի չեն, քանի որ Ազերպայճանի մէջ անկախ դատաւորներ չկան»։
Ան եզրափակած է ըսելով. “Մեր ուղերձն է՝ երբեք չյանձնուիլ: Այն պահին, երբ կը յանձնուիս, կը պարտուիս: Չեմ գիտեր ուր կը հասնինք, բայց այն ինչ որ կ՚ընենք արժանի աշխատանք է”։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։