Search
Close this search box.

Երգիծանկարի մը հետքերով…

Շուրջ 60 տա­րի առաջ, 1963-ին, Պէյ­րութի «Նա­յիրի» շա­բաթա­թեր­թի տաս­նա­մեակին առի­թով, եր­գի­ծան­կա­րիչ Մա­սիս Արա­րատեան պատ­րաստած է լման էջի մը ծա­ւալով սոյն եր­գի­ծան­կա­րը, ուր վե­րաքա­ղը կ՚ընէ թեր­թին ու անոր խմբա­գիր Անդրա­նիկ Ծա­ռու­կեանի ան­ցած ու­ղիին` շրջա­նի հայ ազ­գա­յին-եկե­ղեցա­կան-կու­սակցա­կան կեան­քի փո­թոր­կոտ կա­ծան­նե­րուն վրայ…։

Բա­ցառիկ եր­գի­ծան­կար մըն է այս։ Իւ­րա­քան­չիւր «կողմ» ինչպէ՞ս կը դի­տէր «Նա­յիրի»-ն, կամ ինչպի­սի՞ զգա­ցումներ կը տա­ծէր անոր խմբագ­րին նկատ­մամբ…։

Պատ­կե­րուած բո­լոր դէմ­քերն ալ իրա­կան անձնա­ւորու­թիւններ են։ Եթէ մէ­կը քիչ-շատ ծա­նօթ է մեր մօ­տիկ ան­ցեալի պատ­մութեան, դիւ­րաւ պի­տի ճանչնայ զա­նոնք ու հասկնայ եր­գի­ծան­կա­րիչին միտք բա­նին։

Գոր­ծը «պատ­կե­րազարդ պատ­մութիւն հա­յոց» մըն է, աւե­լի ճիշդ` սփիւռքի հա­յելի՛ն, ուր, ինչպէս կը սի­րէր ըսել Ծա­ռու­կեան, «մե­ծերը չեն յա­ջողիր մեծ մնալ, իսկ տա­ղան­դա­ւոր փոք­րե­րուն առիթ չի տրուիր որ մեծ­նան…»։

*  *  *

«ԱՅՍ ՀԱՍ­ՑԷ­ՆԵՐՈՒՆ ԴԻ­ՄՈՂԸ ԿՐՆԱՅ ՎՍՏԱՀ ԸԼ­ԼԱԼ ԹԷ ՉԻ ԶՂՋԱՐ»…

Հա­յերէն առեւտրա­կան այս ծա­նու­ցումնե­րը տպուած տե­սայ Ծա­ռու­կեանի «Նա­յիրի» շա­բաթա­թեր­թին հին թի­ւերուն մէջ (1950-ական­ներ)։

Թեր­թը գրա­կան-մշա­կու­թա­յին բնոյթ ու­նէր, հե­տեւա­բար` ընդհան­րա­պէս կը խու­սա­փէր առեւտրա­կան ծա­նու­ցումներ ըն­դունե­լէ։ Փո­խարէ­նը` սի­րով տեղ կու տար գրա­կան եւ հրա­տարակ­չա­կան ձեռ­նարկնե­րու ծա­նու­ցումնե­րու (յո­բելինական հան­դէս, դա­սախօ­սու­թիւն, դպրոց­նե­րու յայ­տա­րարու­թիւններ, նո­րատիպ հա­տոր­նե­րու ծա­նու­ցագրեր եւ այլն)։

Հոս, մա­սամբ խախ­տած է այդ սկզբունքը։ «Նա­յիրի» զուտ վա­ճառա­կանա­կան ազ­դեր տպած է։ Օրի­նակ, Յա­կոբ Կիւ­լո­յեանի ոս­կերչա­տան ծա­նու­ցումը։ Գի­տէք, չէ՞, Կիւ­լո­յեանը։ Գրա­սէր բա­ցառիկ անձնա­ւորու­թիւն մըն էր, որ բե­մերէն ան­գիր կ՚ար­տա­սանէր Խա­չատուր Աբո­վեանի «Վէրք Հա­յաս­տա­նի»-էն ըն­դարձակ հա­տուած­ներ։

Կայ Խան­ճեան եղ­բայրնե­րու ծա­նու­ցումը (քար, պլաթ եւ այլն)։

Կայ Դեր­ձակ Խա­չիկի մը ծա­նու­ցումը։ Է՜հ, այդ թուական­նե­րուն դեր­ձա­կու­թիւնը յար­գի ու փնտռուած ար­հեստ մըն էր։

Կայ Նոր Հա­ճըն թա­ղէն հայ գրա­վաճա­ռի մը ծա­նու­ցումը` «Սա­մի Կա­րօ»։ Թա­ղեցի­ները պէտք է յի­շեն զինք։ Այդ օրե­րուն գիրքն ու ըն­թերցա­նու­թիւնն ալ յար­գի էին ու գնա­հատուած…։

Ու վեր­ջա­պէս` կայ հա­յապատ­կան պան­դո­կի մը ծա­նու­ցումը` «Օթէլ Քլա­րիճ»։ Եթէ կար­դա­ցեր էք Ծա­ռու­կեանի «Երա­զային Հա­լէպը» յու­շագրու­թիւնը` պի­տի գիտ­նաք թէ ո՛վ էր այդ պան­դո­կապե­տը ու ի՛նչպի­սի ձեռ­նե­րէցու­թեամբ կը բա­նեց­նէր իր օթէլ­նե­րը` Հա­լէպէն մին­չեւ Ալէյ ու Պէյ­րութ…

Ահա՛ տե­սաք։ Պարզ ծա­նու­ցում մը մեզ ո՜ւր տարաւ…

Լեւոն Շառոյեանի Դիմագիրքի էջէն

https://www.facebook.com/levon.sharoyan