Search
Close this search box.

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի ծննդեան 95-ամեակին առթիւ ցուցադրուած է «Եւ եկաւ Յովհաննէսը» ժապաւէնը

Սահակ Բ. պատրիարք հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, վաստակաշատ խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի ծննդեան 95-ամեակին առթիւ, Յուլիս 26-ի երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ ցուցադրուած է «Եւ եկաւ Յովհաննէսը» խորագրեալ ժապաւէնը։

Հանդիսութիւնը գլխաւորած է Պատրիարք հայրը անձամբ, շուրջն ունենալով Իշխանաց կղզեաց հոգեւոր հովիւ՝ Յարութիւն վրդ. Տամատեանը, Պատրիարքական փոխանորդ Գրիգոր աւ. քհնյ Տամատեանը, թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանն ու ընկերները։ Հանդիսութեան պատուոյ հիւրերը եղած են «Եւ եկաւ Յովհաննէսը» ժապաւէնի հեղինակ Լիլիթ Մովսիսեան եւ իր հայրը՝ Հայկ Մովսիսեան։ Մասնակցած են նաեւ բազմաթիւ մշակութասէրներ, որոնք մեծարած են 95-ամեայ Յովհաննէս Չեքիճեանի վաստակը։

Հանդիսութիւնը սկիզբ առած է անցեալ տարիներուն Մաէսթրոյի եւս մասնակցութեամբ պատրաստուած «Աւետիս» երգի ժապաւէնի ցուցադրութեամբ, ուր աշխարհի զանազան հայ երգչախումբերու առընթեր կ՚երգէին նաեւ Պոլսոյ Լուսաւորիչ եւ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս երգչախումբերը, ինչպէս նաեւ երգչուհի Սիպիլը։

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Յարութիւն վարդապետ եւ յանուն եկեղեցւոյ ու Ներսէսեան դպրաց դասուն ողջունած է ներկաները եւ ապա յայտագրի մասին տեղեկութիւններ հաղորդած։ Յաջորդաբար հանդիսութեան նախաձեռնողներէն Սեւան Աթաօղլու, Չեքիճեանի ծանօթ դէմքերէն Տիանա Գամբարոսեանի եւ Տիգրան Ալթունի հետ ունեցած է կենդանի զրոյց մը։ Անոնք Մաէսթրոյին հետ Հայաստանի ու Պոլսոյ յուշերը բաժնած են։ Ապա, Լիլիթ Մովսիսեան ներկայացուցած է ժապաւէնը, ուր հակիրճ ձեւով կը ներկայացուէր Չէքիճեանը, իր ծնունդէն մինչեւ Հայաստան ճամբորդութիւնը եւ 95-ամեայ գործունէութենէն դրուագներ։

Այնուհետեւ գործադրուած է երաժշտական յայտագիր մը՝ Լիւսի Գահվէճիօղլուի ու Յովսէփ Գույումճեանի մենակատարութեամբ եւ Սիրուն Սիրունեանի նուագակցութեամբ։

Հանդիսութեան եզրափակիչ փուլին Պատրիարք հօր ձեռամբ Լիլիթ Մովսիսեանին յուշանուէր յանձնուած է։ Այնուհետեւ Հոգեւոր պետը ներկաներուն հաղորդած է իր պատգամը ու ընդգծած Յովհաննէս Չեքիճեանի բեղուն գործունէութիւնը, թէ ան պոլսահայութեան պատուաբեր անուններէն մին է եւ Պոլսոյ մէջ նման հանդիսութեան մը կազմակերպումը այս առումով շատ իմաստալից է։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասած է միասնաբար երգուած «Երեւան» երգով։