Search
Close this search box.

Կարճ ֆիլմերու 7-րդ փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի եւ Տաւուշի մարզին մէջ

 

Դատակազմի նախագահն է ֆրանսահայ բեմադիր Սերժ Աւետիքեան

Կարճ ֆիլմերու 7-րդ միջազգային փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի եւ Տաւուշի մարզին մէջ, Յուլիս 29-էն Օգոստոս 2։

Փառատօնի հովանաւորն է Երեւանի քաղաքապետարանը, աջակիցը՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութիւնը։ Դատակազմի նախագահն է ֆրանսահայ բեմադիր, բեմագիր Սերժ Աւետիքեան։

Փառատօնի նպատակն է բացայայտել երիտասարդ եւ տաղանդաւոր ստեղծագործողները, նպաստել անոնց մասնագիտական կարողութիւններու զարգացման, տարբեր երկիրներու սինեմայի երիտասարդ գործիչներու բարեկամական եւ ստեղծագործական կապերու ամրապնդման, շարժանկարի նոր սերունդի ձեւաւորման:

“Ուրախ ենք, որ կ՚աջակցինք այս կարեւոր մշակութային ծրագրին։ Երեւանի քաղաքապետարանը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ շարժարուեստին, այս բնագաւառի զարգացման”,– Յուլիս 26-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին նշած է Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետի տեղակալ Գէորգ Սահակեան:

Փառատօնի ընթացքին տեղի կ՚ունենան ստեղծագործական հանդիպումներ, քննարկումներ, վարպետութեան դասեր, կլոր սեղաններ, շնորհահանդէսներ, իսկ բոլոր միջոցառումներու մուտքը անվճար է։ Հանդիսատեսը առիթ կ՚ունենայ դիտելու միջազգային հեղինակաւոր փառատօներու մրցանակակիր կարճ ֆիլմերը:

“Փառատօնը այս տարի ստացած է 700-է աւելի դիմում 85 երկիրներէ։ Մրցոյթի ծրագրին մէջ ընդգրկուած է 46 ֆիլմ՝ 20 երկրէ”,– ասուլիսի ընթացքին տեղեկացուցած  է Երեւանի կարճ ֆիլմերու միջազգային փառատօնի տնօրէն Գուժ Թադեւոսեան: