Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ու հնագէտներու միջազգային խումբը Ք.ա. 5-րդ դարու ոսկեդրամներ յայտնաբերած է Թուրքիոյ արեւմտեան շրջանը գտնուող հին յունական Նոսիոն քաղաքի պեղումներու ընթցաքին։ Հետազօտութեան մասին տեղեկութիւնը հրապարակուած է Միչիկընի համալսարանի Notion Archaeological Survey (NAS) գիտական ամսագրին մէջ։
Հնագէտները հողէն հանած են կճուճ մը՝ լի պարսկական դարիկներով՝ ոսկեդրամներ, որոնք շրջանառութեան դրուած են Պարսկական կայսրութեան մէջ։ Պատմական աղբիւրներու համաձայն՝ մէկ դարիկը հաւասար էր զինուորի մը մէկ ամսուան աշխատավարձքին։
Հետազօտողներու կարծիքով՝ շատ հաւանական է, որ ոսկեդրամները նախատեսուած էին վարձկաններու վճարման համար եւ թաքցուած են ու անյայտ պատճառներով չեն հասած հասցէատէրերուն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։