Search
Close this search box.

Ողիմպիական խաղեր – Հայաստան բողոքած է Արթուր Ալեքսանեանի աւարտական գօտեմարտի արդիւնքին դէմ

 

Հայաստանի Ըմբշամարտի դաշնակցութիւնը բողոքած է յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանի եզրափակիչ գօտեմարտի արդիւնքին դէմ՝ Փարիզի ամառնային Ողիմպիական խաղերուն:

Փարիզի մէջ Խաղերուն հետեւող Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) փոխնախարար Կարէն Գիլոյեան նշած է, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը եւս կը միանայ բողոքին:

“Կը սպասենք գրաւոր պատասխանին, որ կը կցուի Հայաստանի ազգային Ողիմպիական յանձնախումբի բողոքին եւ կը ղրկուի համապատասխան ատեաններուն: Կը վստահեցեմ, որ պիտի փորձենք վերականգնել արդարութիւնը”,– ըսած է ան:

Նշենք, թէ աւարտական փուլին Ալեքսանեան գօտեմարտած էր իրանցի Մոհամատհատի Սարաւիի հետ եւ 1-4 հաշիւով պարտուած անկէ՝ արժանանալով արծաթեայ մետալի: