Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առիթով Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցած է «Deportivo Armenio» ֆութպոլի հայկական ակումբի՝ Ազնաւուրին նուիրուած մարզաշապիկի շնորհահանդէսը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Արժանթինի մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի դեսպաններ՝ Յովհաննէս Վիրաբեան եւ Ռոմէն Նատալ, ինչպէս նաեւ ակումբի նախագահ Լուսիանօ Նագիս։ Սփռուած է Ազնաւուր հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուրի տեսաուղերձը։
Դուդուկահար Գագիկ Գասպարեանի կատարողութեամբ հնչած են ազնաւուրեան մեղեդիներ։
Արարողութեան ներկայ եղած են դիւանագէտներ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, մշակութային գործիչներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։