Օգոստոս 8-ին Փարիզ 17-ի թաղապետ Ժոֆռուա Պուլար թաղի «Մարթին Լութըր Քինկ» զբօսայգիին մէջ հիւրընկալած է Ողիմպիական խաղերուն մետալներու արժանացած ըմբիշներ Արթուր Ալեքսանեանը եւ Մալխաս Ամոյեանը:
Ընդունելութեան մասնակցած են նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Կարէն Գիլոյեան, դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, Հայաստանի Ողիմպիական պատուիրակութեան անդամներ, բազմաթիւ երկրպագուներ:
Ողջունելով հայ մարզիկները՝ թաղապետը շնորհաւորած է հայ ըմբիշներու տպաւորիչ մրցումներուն եւ շահած մետալներուն համար։
Ան ընդգծած է, թէ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները միշտ ալ առանձնացած են ջերմութեամբ ու բարեկամութեամբ:
Փոխնախարար Գիլոյեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Փարիզի իշխանութիւններուն եւ ֆրանսացի ժողովուրդին աջակցութեան եւ բարեկամական ջերմ վերաբերումին համար։
Հայ մարզիկները եւս շնորհակալութիւն յայտնած են հիւրընկալութեան համար։
Այնուհետեւ, հայ մարզիկները լուսանկարուած են Փարիզի 17-ի շրջանի զբօսայգիին մէջ հաւաքուած երկրպագուներուն հետ եւ ինքնագրեր բաժնած անոնց։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։