Search
Close this search box.

Աւելի քան 500 երիտասարդներ մասնակցած են ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու բանակումին

Հայաստանի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցած ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ամէնամեայ բանակումին մասնակցած են աւելի քան 500 երիտասարդներ։

Բանակումի ընթացքին անոնք ձեռք բերած են ազգային գիտելիքներ, մարզուած են ու զօրացուցած իրենց կամքը։

Բանակումի բոլոր մասնակիցները միակամ էին, թէ հայ երիտասարդը ընելիք ունի եւ ամէն օր պէտք է պատրաստուի պայքարի` յանուն Հայաստանի եւ Արցախի։

Բանակումի ընթացքին երիտասարդներուն այցելած են Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխաններ, դաշնակցական գործիչներ, Արցախի նախագահը, Բագրատ Սրբազանը: Վերջիններս զրուցած են երիտասարդներուն հետ, ներկայ քաղաքական իրավիճակի ու ընելիքներու շուրջ դասախօսած են եւ պատասխանած բանակայինները յուզող հարցումերուն: