Search
Close this search box.

Ո՛չ, իմ հայ եղբայրը իմ թշնամին չէ

Գրեց՝ Ռոպէր ԱՅՏԱՊԻՐԵԱՆ

Երբ կը կարդանք ընկերային ցանցերու մէջ շրջող մեկնաբանութիւններն ու գրառումները, երբ կը լսենք այն նախատինքները, որոնք կը հնչեն Երեւանի փողոցներուն մէջ կամ հայկական տարբեր ցոյցերու, Հայաստանէն դուրս, անհատներու միջեւ կամ հանրային շէնքերու առջեւ, մենք մեզի հարց կու տանք՝ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ նպատակով կը հնչեն այդ զրպարտութիւնները։

Եթէ թուրքին կամ հրեային հարց տրուի, թէ ո՞վ է իր լաւագոյն ընկերը, առաջինը պիտի պատասխանէ՝ թո՛ւրքը, իսկ երկրորդը պիտի պատասխանէ՝ հրեա՛ն։ Նոյն հարցումը հայուն յղելու պարագային՝ անոր պատասխանը յաճախ կ՚ըլլայ աւելի անորոշ եւ շատ յաճախ ալ կը լսենք. «Մեր ամենամեծ թշնամին մենք ենք»:

Մինչ որոշ ժամանակէ ի վեր Հայաստանի, ինչպէս նաեւ երկրէն դուրս գտնուող հայկական շրջանակներու մէջ այսպէս կը լսենք վիրաւորանքներ, նախատինքներ, պոռչտուքներ, հայհոյանքներ, կարճ խօսքով՝ ամէն տեսակի բառեր, որոնք ընկերային եւ քաղաքական յարաբերութիւններու գարշահոտ եւ զերօ մակարդակի պատկեր մը կը պարզեն, բոլորս միասին կը նահանջենք, բոլորս միասին կը պարտուինք, բոլորս միասին յետընթաց կ՚ապրինք։ Այդպէս վարուելով՝ մենք կը խզենք մեր կապը այն ամէն ինչի հետ, որ հայ ժողովուրդը ձեռք բերած է աւելի քան 3000-ամեայ իր պատմութեան ընթացքին, կը խզենք կապը անոր զարգացուցած քաղաքակրթութեան հետ, որ ճանչցուած է իր մշակոյթի, իր գրուածքներու եւ իր ճարտարապետական ​​ժառանգութեան բարձր որակով:

Ի հարկէ, մենք դեռ կը վճարենք 2020 թուականի ռազմական պարտութեան գինը: Ի հարկէ, պարտութիւնները պատճառ կ՚ըլլան որ ժողովուրդները «դուրս տան» իրենց մէջի վատագոյնը՝ ատելութիւն, ստորնութիւն, անարգանք, անհանդուրժողութիւն, խայտառակութիւն, ծայրայեղութիւն: Ի հարկէ, ռազմական պարտութիւնը կը յառաջացնէ վիճարկումին ալ պարտութիւնը, որ իր կարգին կը յառաջացնէ գաղափարներու պարտութիւն: Բայց պէտք է դադրի միտքերու քաոսի այս պարոյրը, պէտք է կանգ առնէ այս անհատական ​​եւ հաւաքական յիմարութիւնը, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը,– որպէս այս բազմահազարամեայ պատմութեան մէկ կտորը,– պէտք է դառնայ իր եւ Ուրիշի նկատմամբ հանդուրժողութեան, չափաւորութեան եւ յարգանքի պաշտպան, քանի որ Ուրիշը նախատելը նախ եւ առաջ ինքզինք նախատել է։

Ո՛չ. իմ հայ եղբայրը ո՛չ իմ թշնամին է, ո՛չ ալ դաւաճան։ Անոր իրաւունքն է ինծի նման չմտածել եւ ինձմէ տարբեր միտքեր արտայայտել, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իմ ալ իրաւունքն է ազատ արտայայտուիլը, սակայն յարգանքով եւ հանդուրժողութեամբ։

Նաեւ հարկ չկայ գուշակ ըլլալու՝ հասկնալու համար, որ այս ամէնը ձեռնտու է մեր ամբարտաւան եւ ինքնավստահ հակառակորդներուն, որոնք մտադիր են մեզի տիրել կամ նոյնիսկ մեզ վերածել բոլորովին յուսահատած, ամբողջական ձուլման ճամբան բռնած ժողովուրդի մը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը, առանց յաւակնութիւն ցուցաբերելու, թէ մենաշնորհը ունի իր պաշտպանած սա կամ նա դատին կամ ունի ինքնահռչակ սա կամ նա հեղինակութիւնը, պէտք է շարունակէ մնալ կենդանի ինքնութեան, կենդանի լեզուի, կենդանի մշակութային ժառանգութեան, կենդանի պատմութեան, ինչպէս նաեւ մեր հաւաքական իրաւունքներու պահապանը։

Աւելի քան երբեք խանգարուած աշխարհի մը մէջ, ուր մեծ տէրութիւններու բաժանարար գիծերը կ՚անցնին Հարաւային Կովկասէն, մեզի անհրաժեշտ է ներքին միասնութիւն՝ բազմազանութեան մէջ. այսինքն՝ յարգել, լսել, բանականութեամբ վարուիլ ու խիզախութիւն ցուցաբերել. մէկ անգամ ընդմիշտ վերջ դնելով նախատինքներուն, Ուրիշը լսելու խլութեան, գոռոզութեան, յուզականին ու վախին:

Եւ պէտք է որ մենք՝ հայերս, անկախ մեր համոզումներէն եւ մեր աշխարհագրական դիրքէն, Ուրիշին նայինք որպէս մեր եղբայրը եւ ոչ թէ որպէս մեր թշնամին։ Միայն Ան է, որ մեզի հետ կը բաժնէ մեր անցեալը, մեր ներկան ու մա՛նաւանդ պիտի բաժնէ մեր երեխաներուն ու թոռներուն ապագան։

«Մենք պատասխանատւութիւն կը կրենք մեր մեծերուն, մեր ժամանակակիցներուն եւ ապագայ սերունդներուն առջեւ»,– կ՚ըսէր Կինէա Պիսաուի եւ Գապօ Վերտէի յեղափոխական առաջնորդ Ամիլքար Գապրալ: Իսկ 1966-ին Հաւանայի մէջ ան ժողովուրդին դիմեց հետեւեալ կոչով. «Պայքարի՛լ իր սեփական տկարութիւններուն դէմ, ինչ ալ ըլլան թշնամիին յարուցած դռուարութիւնները»։

Այս քանի մը տողերու հեղինակս կ՚ուզեմ նշել, որ ես նոյնքան սփիւռքի զաւակ մըն եմ, 1915-ի Ցեղասպանութեան վերապրածներու զաւակ եւ թոռ, որքան Ֆրանսայի քաղաքացի, որ երկար ժամանակէ ի վեր նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական եւ ընկերային ոլորտներու զարգացման։ Ունեցած եմ զինուորեալի (militant) անցեալ, ստանձնած եմ պարտականութիւններ Հայ դատի պաշտպանութեան յանձնախումբին (CDCA) ու Հ. Յ. Դաշնակցութեան մէջ եւ կը յարգեմ բոլորի կողմնորոշումը: Ինքզինք գերազանցելու այս ցանկութեամբ է, որ բոլորիդ կ՚ուղղեմ այս հրաւէրը, որ յուսամ դրական արձագանգ պիտի գտնէ իւրաքանչիւր ընթերցողէ։